«Կառավարութիւնը Պատրաստ Է Ֆինանսաւորելու Լիբանանեան Բանակին Զինումը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրիէն պահանջեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահել, թէ սահմանամերձ լիբանանեան գիւղեր տակաւին ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը այդ շրջաններուն մէջ որդեգրած է ապահովական այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը պահպանեն այդ շրջաններու լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, իսկ սուրիական կողմին ռմբակոծումները կրնան նիւթական եւ մարդկային վնասներ պատճառել լիբանանցիներուն:

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց բանակի զինման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ֆինանսաւորելու բանակի զինման ծրագիրը, որպէսզի ան կարենայ իր ազգային պարտականութիւնը լիովին կատարել` երկրին սահմանները պաշտպանելու թէ ներքին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Վարչապետը ընդգծեց, որ իրենք կը հաւատան, թէ բանակը երաշխիքն է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական կեանքին աշխուժացման ու տնտեսական զարթօնքին իրականացումին:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ բանակի զինման նպատակով` հինգ տարուան վրայ երկարող մէկ միլիառ վեց հարիւր միլիոն տոլարի համազօր գումարի մը վաւերացումը նախաքայլ մըն է բանակին բարոյական զօրակցութիւն ցուցաբերելու` աւելցնելով, որ Լիբանան բանակէն բացի այլընտրանք չունի` իր ապահովութիւնը պաշտպանելու իմաստով:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց նաեւ բանակին դերակատարութիւնը քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:

Ան շեշտեց, որ բանակը բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ անխտիր կը հասնի բոլորին օժանդակութեան` ենթարկուելով երկրին քաղաքական իշխանութեան հրահանգներուն:

Վարչապետը աւելցուց, որ ոչ ոքի շահերուն պիտի ծառայեն բանակին վրայ ճնշում բանեցնելու փորձերը:

Նիստէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտարարեց, որ առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ բանակը զինելու յատուկ օրինագիծ մը որդեգրել` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ կառավարութեան վաղուան նիստին ընթացքին:

Ղոսըն հաստատեց, որ նախարարական յանձնախումբը վաւերացուցած է մէկ միլիառ վեց հարիւր միլիոն տոլարի հասնող գումար մը, որ հինգ տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի բանակը զինելու:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ վարչապետին փոխանցեց ՄԱԿ-ի մէջ գումարուած սուրիացի գաղթականներուն յատուկ խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Լիբանանի կարողութիւնները սահմանափակ են եւ սուրիացի յաւելեալ գաղթականներ ընդունելու առումով Լիբանան կարիք ունի այլ պետութիւններու զօրակցութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի յառաջիկայ 22 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի 67-րդ Ընդհանուր ժողովին: Նոյն օրաթերթին համաձայն,  վարչապետ Միքաթիի եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վերջինս վարչապետէն պահանջած է յստակ կեցուածք մը ճշդել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )