«Քիմիական Զէնքեր Չունինք, Սակայն Եթէ Պէտք Ըլլայ Ոչ Միայն Կը Բաւարարուինք Ինքնապաշտպանութեամբ, Այլեւ Կը Յառաջանանք Դէպի Գալիլիա» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «շրջանային թէ համաշխարհային առումով կը գտնուինք փոփոխութիւններու դէմ յանդիման եւ այդ փոփոխութիւններուն հիման վրայ է, որ պիտի գծուի շրջանին նոր իրականութիւն մը, որ կարելի է կոչել համաշխարհային նոր դրութիւն մը, որուն մէջ երկու բեւեռներ կամ տիրական մէկ բեւեռ չկայ, այլ կան զանազան բեւեռներ»:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանին մէջ Իրան եւ Թուրքիա կարեւոր դերակատարութիւն ունին` աւելցնելով, որ իբրեւ արաբական երկիրներ եւ արաբ ժողովուրդ` իրենք ալ կրնան դերակատարութիւն ունենալ շրջանային առումով, յատկապէս Եգիպտոսն ու Իրաքը, որոնք նախապէս շրջանային եւ միջազգային լուրջ դերակատարութիւն ունեցած են:

«Արաբական աշխարհը կրնայ համաշխարհային դերակատարութիւն ունենալ, սակայն անոր դերակատարութիւնը կախեալ է անոր ժողովուրդներուն կամքէն եւ անոնց ապրած յեղափոխութեան ու զարթօնքին ազդեցութենէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով Դիմադրութեան ապրած իրականութեան` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ մինչեւ Սուրիոյ տագնապին բռնկումը, շրջանին բոլոր փոփոխութիւնները կը ծառայէին Դիմադրութեան: «Երբ Սուրիոյ մէջ արիւնալի դէպքերը ծայր առին, հետեւաբար նաեւ Դիմադրութիւնը մուտք գործեց մութ, անորոշ եւ կասկածելի կացութիւն: Սակայն Դիմադրութիւնը ուղի է, ռազմավարութիւն է եւ մեր իսկութիւնն ու նկարագիրն է, եւ ես տակաւին կը յուսամ, որ կրնանք այս հանգրուանը շրջանցել ու պաղեստինեան դատին նպաստող ռազմավարութիւն մը որդեգրել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինչ ալ ըլլան հարցերն ու միջարաբական տարակարծութիւնները, անհրաժեշտ է Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի կողմնացոյցին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել, որովհետեւ Պաղեստինը եւ Երուսաղէմը մոռցնելու լուրջ աշխատանք եւ նպատակ կայ թշնամի Իսրայէլին կողմէ:

«Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը մնայուն կերպով աշխատած են, որ Պաղեստինն ու Երուսաղէմը արաբ ժողովուրդին ուշադրութենէն շեղին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութեան համար իր պատմական բոլոր հանգրուանները կարեւոր են եւ անհրաժեշտ, անոնք դէպքերու անքակտելի եւ իրերայաջորդ շարք մը կը կազմեն: Ան նկատել տուաւ, որ Դիմադրութեան իրագործած նուաճումները կերտուած են անոր նահատակ ղեկավարներուն եւ մարտիկներուն թափած արիւնով:

Իսրայէլի հետ բախումներուն շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 2000 թուականը անկիւնադարձային է այդ առումով` աւելցնելով, որ 2006-ին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակով Իսրայէլի համար յստակ դարձաւ, որ ինք Մեծն Իսրայէլ չի կրնար կերտել, այլ` կը մնայ իր սովորական չափին մէջ:

Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքներուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանին կողմէ լուռ մնալը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ իրենք սպառնալիքին սպառնալիքով կը պատասխանեն եւ իրենց պատասխանը կը հիմնաւորեն Իսրայէլի դիմադրելու իրենց ուժին վրայ շեշտելով:

«Երբ Իսրայէլ բարձրաձայն կը սպառնայ, թէ ինք պիտի քանդէ Լիբանանը, ապա մեր պարտականութիւնն է անոր դէմ կանգնիլ ու հաստատել, որ այդ ժամանակաշրջանը աւարտած է արդէն», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` նկատել տալով, որ «Իսրայէլը անտեսելը եւ անոր առիթ տալը ճիշդ չէ, որովհետեւ եթէ ան ազատ ձգուի, ապա իր ուժերը, կամքն ու կորովը կը հաւաքէ եւ կը ծառայեցնէ իր նպատակներուն ու ախորժակներուն, որոնք կը մնան անփոփոխ»:

Սէյիտ Նասրալլա Իսրայէլի մարտավարութիւններուն մասին խօսելով ըսաւ, որ ան մնայուն կերպով հաշուի կ՛առնէ իր տալիք առաջին հարուածը եւ անոր հիման վրայ կը շարժի: «Այս շրջագիծին մէջ մենք կը հաստատենք, որ նոյնիսկ եթէ ան իր առաջին հարուածով մեր բոլոր կեդրոնները, զինամթերքն ու ռումբի պահեստանոցները քանդէ, մենք քիչ թիւով հրթիռներով կրնանք մեր ի մտի ունեցած թիրախները հարուածել եւ հարիւր հազարաւոր իսրայէլացիներու կեանքը դժոխքի վերածել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենց թիրախները միայն զինուորական չեն, այլեւ` համազօր են Իսրայէլի սպառնալիքներուն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ «Իսրայէլի խոցելի կէտերը շատ են, եւ եթէ ան առանց սահմանափակումներու պիտի յարձակի մեր վրայ, մենք նոյնպէս պիտի վարուինք»:

«Մենք քիմիական ռումբեր չունինք եւ օրինական պատճառներով չենք կրնար նման զէնքեր օգտագործել, սակայն միաժամանակ մենք կրնանք իսրայէլեան որեւէ շրջան թիրախ դարձնել: Դիմադրութիւնը կրնայ հասնիլ բռնագրաւուած Պաղեստինի որեւէ վայր եւ մենք ենք, որ կ՛ընտրենք թիրախները: Մեր թշնամին եւ մեր բարեկամը մեզի կը վստահին` նկատի ունենալով 30 տարուան մեր պատմութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շարունակեց իր խօսքը ըսելով, որ Հըզպալլա իսրայէլեան գոյացութեան ռազմավարական սպառնալիք է, եւ Հըզպալլայի սպառնալիքները հակազդեցութիւն կը նկատուին իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ անոնք ոչ մէկ կապ ունին շրջանային իրադարձութիւններուն հետ:

«Այս առիթով կ՛արժէ փոխանցել գաղտնիք մը, որ մենք 2006-ի յուլիսեան պատերազմին, երբ հարցազրոյց կ՛ունենայինք, հանգիստ էինք եւ մտահոգութիւններ չունէինք, իսկ հիմա, երբ կացութիւնը 2006-էն շատ աւելի նպաստաւոր է, մենք շատ աւելի հանգիստ ենք: Մենք ինքնավստահ ենք ու առարկայական կերպով կը մեկնաբանենք շրջանային իրադարձութիւնները եւ այդ իմաստով լաւատես ենք: Եթէ թշնամի Իսրայէլ մեզի դէմ պատերազմ սանձազերծէ, ապա մեր ընտրանքները բաց պիտի ըլլան եւ պիտի չբաւարարուինք ինքնապաշտպանութեամբ, այլ պիտի յառաջանանք դէպի Գալիլիա», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Իրանին հարուած մը հասցնելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք անհաւանական կը նկատէ այդ մէկը իսրայէլեան ներքին պատճառներով, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դաշնակիցներուն վերաբերող միջազգային պատճառներով, որովհետեւ ներկայիս Իսրայէլ ամերիկեան գործիք է:

«Եթէ Իրան հարուած ստանայ, ապա Իսրայէլ եւ շրջանին մէջ ամերիկեան խարիսխները եւս թիրախ պիտի դառնան. այս որոշումը արդէն իսկ Թեհրանի կողմէ տրուած է», ըսաւ ան:

Սուրիոյ մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենք կը զօրակցին այն վարչակարգերուն, որոնք Իսրայէլի դէմ են եւ կը զօրակցին Դիմադրութեան:

Ան ըսաւ, որ դէպքերուն սկիզբը ինք այցելած է Սուրիա եւ խորհրդակցած նախագահ Ասատի հետ: «Իսկ նախագահ Ասատ առաջին իսկ օրէն պատրաստ էր երկխօսութիւն կատարելու եւ բարեկարգումներ որդեգրելու, սակայն սուրիական ընդդիմութիւնը մերժեց այդ մէկը, որովհետեւ անոր նպատակը բարեկարգումները չէին, այլ` սուրիական վարչակարգին տապալումը, այդ պատճառով ալ դէպքերը ուղղուեցան դէպի բախումներ: Արեւմտեան երկիրներուն նպատակը Սուրիոյ վարչակարգը տապալել է եւ ոչ թէ Ասատի անձը ձախողեցնել: Այս առումով կրնամ յայտնել, որ արաբական պետութիւն մը եւ ամերիկեան կողմեր կոչ ուղղեցին նախագահ Ասատին Իսրայէլի նկատմամբ իր կեցուածքը փոխելու եւ Իրանի ու Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւնները խզելու, որպէսզի Սուրիոյ տագնապը աւարտի», նշեց ան եւ աւելցուց, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ տագնապի լուծման ի խնդիր:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ ինք չի նախատեսեր, որ Արեւմուտքը զինուորապէս միջամտէ Սուրիոյ հարցին, «իսկ Ուաշինկթըն կը փափաքի, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը երկարի եւ բանակն ու պետութիւնը ոչնչանան», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծում կարելի է գտնել բախումներուն ու սպանութիւններուն կասեցումով եւ սուրիական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելով:

Լիբանանի մասին հարցումներուն պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց, որ համայնքային եւ յարանուանական բառամթերքին վերջ տրուի:

«Մենք Լիբանանի մէջ ունինք քաղաքական տագնապ մը, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ կառավարութեան գործունէութեան վրայ: Իսկ ներկայ կառավարութիւնը շատ մը այլ կառավարութիւններէ աւելի արդիւնաբեր է: Լիբանան անիշխանութիւն չի կրնար հանդուրժել, եւ եթէ կառավարական ներկայ կազմը հրաժարի, ապա մենք մէկ տարիէն դժուար թէ կազմենք Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, հետեւաբար պէտք է քաղաքական բոլոր կողմերը հսկեն երկրին ապահովական կայունութեան», նշեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ մէջ լիբանանցիները առեւանգողներուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Եթէ իսկապէս ազատատենչ էք եւ ազատութեան ու արդարութեան կը հաւատաք, ապա ազատ արձակեցէք այդ անմեղ լիբանանցի ուխտաւորները, որոնք պարզապէս ուխտի համար ուղղուած էին Սուրիա»:

Սէյիտ Նասրալլա դատապարտեց Լիբանանի մէջ կատարուած առեւանգումները` ընդգծելով, որ իրենք դէմ են եւ կը մերժեն այդ արարքները:

Սէյիտ Նասրալլա հարցազրոյցը եզրափակեց ողջունելով Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք կը յարգեն ու կարեւոր կը նկատեն այդ այցելութիւնը եւ կատարեալ ներկայութիւն պիտի ըլլան պապը դիմաւորելու կամ զանազան վայրերու մէջ անոր ընկերակցելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )