Հունգարիոյ Հոգեւոր Առաջնորդը Սաֆարովի Հարցով Կը Զօրակցի Հայ Ժողովուրդին

Հունգարիոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ երկրին Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարի նախագահ կարտինալ Փթեր Էրտօ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ուղղուած իր նամակին մէջ զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին` Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ անոր ներում շնորհելու առնչութեամբ:

Կարտինալը դատապարտած է նաեւ ազգային պատկանելիութեան հիմամբ կատարուող բռնութիւնն ու ատելութիւնը` հայցելով, որ Աստուած պահպանէ եւ արդարութեան ու խաղաղութեան շնորհներով օրհնէ համայն հայ ժողովուրդը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )