Ուքրանական Ֆութպոլ. Կարլեն Մկրտչեան Վերադարձաւ Ասպարէզ

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մեթալուրկ Տոնեցք իր դաշտէն դուրս կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քարփաթի Լվովը:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահներէն Կարլեն Մկրտչեան բաւական երկարատեւ ընդմիջումէ ետք վերադարձաւ եւ իր կազմին` Մեթալուրկի հետ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան: Անոր խմբակից  Արտակ Եդիգարեան դաշտ ներկայացաւ մրցումին 89-րդ վայրկեանին, մինչ Հայաստանի հաւաքականին մէկ այլ մարզիկը` Գէորգ Ղազարեան դաշտ չներկայացաւ յաղթական կազմին հետ:

Նշենք, որ 12-րդ վայրկեանին Քարփաթիի մարզիկներէն Քասիան կարմիր քարտ մը ստացաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES