Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան չորեքշաբթի, 29 օգոստոսին, «Աղբալեան -ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ սկսաւ Մինի ֆութպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 10 խումբերու:
Այդ 10 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի: Առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, պիտի տեւեն երկու շաբաթ: Անոնք տեղի կ՛ունենան ժամը 20:00-էն 23:00:
Կազմակերպիչներուն հաստատումով, մրցումները տեղի կ՛ունենան բաւական մեծ խանդավառութեամբ եւ լաւ մթնոլորտի մէջ:
CATEGORIES Մարզական