Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Միացեալ Նահանգներ Իրանին Յայտնած Են, Որ Իր Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պիտի Չաջակցին

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Միացեալ Նահանգներ վերջերս Իրանի փոխանցած են գաղտնի նամակ մը, ըստ որուն, Ուաշինկթըն իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ իսրայէլեան յարձակումին պիտի չաջակցի եւ անոր պիտի չմիանայ»:

Ըստ եւրոպական երկու պետութեանց կողմէ փոխանցուած նամակին, ամերիկեան վարչակարգը վերոնշեալ երաշխիքին փոխարէն Թեհրանէն պահանջած է Արաբական ծոցին մէջ ամերիկեան զօրակայաններուն դէմ յարձակում չգործել:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւրներ,  մեկնաբանելով վերոնշեալ լուրը, զայն Իսրայէլ-Ամերիկա յարաբերութեանց վատթարացումով մինչեւ գետին անկումին փաստ նկատած են:

Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի Իրանի հարցով դիմելու շարք մը լուրջ քայլերու, որոնք թոյլ պիտի տան ժամանակաւորապէս յետաձգելու Իսրայէլի յարձակումը եւ Թեհրանին ստիպելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն հետ աւելի լուրջ վերաբերելու:

Ըստ օրաթերթին, «լուրջ քայլեր»-ը կը վերաբերին Արաբական ծոցին մէջ ռազմափորձերու կատարման, հակահրթիռային պաշտպանութեան նոր համակարգերու տեղակայման, ինչպէս նաեւ իրանեան քարիւղին նկատմամբ կիրարկուող պատժամիջոցներու առաւել եւս խստացման:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «նախագահ Պարաք Օպամա մտադիր է նաեւ քանի մը յայտարարութիւններ կատարել այն մասին, թէ զինուորական գործողութիւններու նախաձեռնումը Միացեալ Նահանգներուն ի՛նչ պիտի տայ, բան մը, որ նախապէս քննարկուած է, սակայն չէ ընդունուած»:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած էր, որ միջազգային ընտանիքը Իրանի առջեւ յստակ «կարմիր գիծ» չի դներ, որուն պատճառով ալ Թեհրան միջազգային կարծր դիրքորոշում չտեսնելով, կը շարունակէ իր վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրին զարգացումը:

 

Share this Article
CATEGORIES