«Թուրքիա Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Երբեք Ժլատ Չէ Եղած» Կ՛ըսէ Պաղըշ

Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Փոլիթիք ինթերնասիոնալ» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Պաղըշ յայտարարած է, որ «Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ երբեք ժլատ չէ եղած»:

Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն իրողութեան վրայ, որ հայկական օդանաւերը առանց խոչընդոտի վայրէջք կը կատարեն Թուրքիոյ մէջ` յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ անօրինական կերպով բնակող եւ աշխատող շուրջ 100 հազար հայեր կան:

Պաղըշ յիշեցուցած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի` ֆութպոլի խաղ դիտելու նպատակով Հայաստան այցելութեան, ապա` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Պուրսա կատարած պատասխան այցելութեան մասին, որ «երկու երկիրներուն միջեւ մինչ այդ չտեսնուած յառաջընթաց ապահովեց»:

Հարցազրոյցին ընթացքին Պաղըշ անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթին եւ նշած, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անհրաժեշտ է այնքան, որքան Թուրքիան ունի Եւրոպական Միութեան կարիքը:

Ան ընդգծած է, որ Ֆրանսուա Հոլլանտի Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելէն ետք իրենք յոյս ունին, որ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ պիտի բացուի: Պաղըշ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դէմ էր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան` յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ այդպէս պիտի չվարուի, որովհետեւ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը կը բխի նաեւ Ֆրանսայի շահերէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )