Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին» Օրինագիծը

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան Ազգային ժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին նախագիծը:

Օրէնքին ընդունումով` Հայաստանի կողմէ պիտի ճանչցուի Արցախի փաստացի կարգավիճակը` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ Արցախի Հանրապետութիւնը լիարժէքօրէն կը բաւարարէ ինքնիշխան պետութեան համար սահմանուած միջազգային օրէնքի բոլոր նախապայմանները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )