50 Տարի Առաջ ( 6 Սեպտեմբեր 1962 )
Հայկական Կեանք
Պրազիլահայ Կեանք
Հայուհի Մը Մարմնական
Գեղեցկութեան Թագուհի
Մաքս Պարոնեան Պրազիլէն կը գրէ 24 օգոստոս թուականով.-
Պրազիլի մէջ կազմակերպուած իգական մարմնական գեղեցկութեան մրցումը տեղի ունեցաւ Քոփա Քապանայի «Փալաս Օթել»-ի սրահներուն մէջ, եւ բազմաթիւ մասնակցողներու մէջէն հայուհի մը` Աննիկ, գերազանցելով բոլորը` Պրազիլի առաջին հանդիսացաւ:
Յաջորդ օրն իսկ բոլոր թերթերը իրենց առաջին էջերը զարդարեցին գեղեցիկ Աննիկին` նկարներով, իսկ պատկերասփիւռը մասնաւոր յայտագրով մը ներկայացուց հայ գեղուհին:
Աննիկ Պրազիլ եկած է Ֆրանսայէն, 1954-ին եւ այժմ Պրազիլի քաղաքացի դարձած է:
Մելոտիաս հայ երիտասարդաց միութիւնը վերջերս Սան Փաւլոյի մէջ գնեց լաւ թաղամասի մը մէջ 6 հազար մեթր տարածութեամբ հողամաս մը ուր պիտի կառուցուին մարզական թաղամաս մը, ամէն ճիւղերով: Պիտի ունենայ նաեւ մասնաւոր սրահ մը, որ պիտի ըլլայ Հայ երիտասարդական կեդրոնը:
Հալէպի Առաջնորդը Եագուպիէի Մէջ
Օգոստոս 26-ին, Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առթիւ, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն բազմաթիւ ուխտաւորներ գացած են Եագուպիէ:
Հալէպի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս կիրակի առաւօտ հասած է Եագուպիէ եւ ընդունուած` մեծ պատիւներով: Երեք կամարներ կանգնած էին ի պատիւ առաջնորդին, որ գիւղական նուագներով, պարերով եւ երգերով առաջնորդուած է դէպի եկեղեցի: Ժողովուրդին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, եւ ամէն կողմէ բարձրացած են բացագանչութիւններ:
Սրբազանը նախագահած է եկեղեցական արարողութեանց եւ` հոգեշունչ քարոզ մը խօսած:
Ֆրանսահայ Մը Ձերբակալուած`
Պոլսոյ Մէջ
Պոլսոյ ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առած է Մինաս Գրիգորեան անունով ֆրանսահպատակ հայ զբօսաշրջիկ մը, որ կեղծ տոլար կը փոխէր Կեդր. դրամատան մէջ:
Մինաս Գրիգորեան դրամատան շահագրգռուող պաշտօնեային յանձնած է վեց հատ յիսուն տոլարնոց, բոլորն ալ` կեղծ:
Զբօսաշրջիկը յայտնած է, որ խնդրոյ առարկայ տոլարները առած է ֆրանսական դրամատունէ մը եւ մտքէ անցուցած երբեք, որ կեղծ կրնան ըլլալ անոնք:
Միջազգային ոստիկանութիւնը քննութեան ձեռնարկած է դրամատան եւ Մինաս Գրիգորեանի մասին:
Մտերիմ Զրոյց Մայրերու Հետ
Երիտասարդ մայրեր, պիտի չուզէիք անշուշտ, որ գնդասեղ մը մնայ ձեր մանկան օրօրոցին մէջ: Պիտի կասկածէիք, թէ մէկը կրնայ թունաւոր նիւթ մը թափած ըլլալ օրօրոցին մէջ, եթէ նոյնիսկ մահացու բան մը չըլլայ ան: Բայց թոյն մը կայ, որմէ չէք զգուշանար, որովհետեւ սովորութիւն դարձած է: Ծխախոտն է այդ: Հայրը իր զաւակը կը սիրէ, բայց կը սիրէ նաեւ իր գլանիկը կամ ծխամորճը: Զայն վառելը իրեն համար դարձած է մեքենական գործ մը, եւ ինչպէս բոլոր վարժութիւնները, աս ալ կը կատարուի որեւէ տեղ, ճաշարանին մէջ, նոյնսիկ երեխային քնացած սենեակին մէջ:
Պէտք է գիտնաք, որ պզտիկ մարմինները շատ զգայուն են նիքոթինը ընդունելու: Ուրեմն ըսէք ձեր ամուսինին ազնուօրէն. «Սիրելի՛ս, կրնաս գլանիկդ մարել»:
***
Ձեր երեխան կը մեծնայ, մի՛ շարունակէք զայն փաղաքշել նախկին ձեւով:
Ախորժակի պակասի պարագան բազմաթիւ է եւ այլազան: Շատ անգամ ասոր պատճառը ֆիզիքականն է կամ ջղայնութիւնը: Բժիշկը պիտի ըլլայ զայն խնամողը:
***
Եթէ կը բնակիք նեղ յարկաբաժնի մը մէջ, մտածեցէք այն անհրաժեշտ կարիքին մասին, որ երեխաներուն իրաւունքն է: Անոնք պէտք է խնդան, վազեն, պոռան. ուրեմն զանոնք տարէք քաղաքէն դուրս տեղ մը եւ ձգեցէք, որ հանգստանան:
***
Յաճախ կը գանգատիք ձեր զաւակներուն ուսումնական վիճակին գէշ արդիւնքէն: Վստա՞հ էք, թէ անոր տեսողութիւնը լաւ է: Շատ տղաք չեն յաջողիր, որովհետեւ հեռուէն չեն կրնար կարդալ սեւ գրատախտակին վրայի գրութիւնը:
Եթէ ձեր տղան յետամնաց է, եթէ կը խրտչի ֆիզիքական կամ մտային աշխատանքէ, եթէ գործունէութիւն մը ցոյց չի տար, զայն տարէք բժիշկի մը:
Կարգ մը մը տղաք չեն յաջողիր եւ պիտի չյաջողին աւանդական սկզբունքներուն վրայ հիմնուած դպրոցներու մէջ: Անոնց հարկաւոր է ընկերական սեղմ շրջանակ մը եւ անձնական շփում մը ուսուցչին հետ: «Անձնական» դպրոցի մը մէջ անոնք յաճախ աւելի լաւ կ՛աշխատին:

