Սաֆարովի Հարցով Հայութիւնը Իր Բողոքի Եւ Ընդվզումի Ձայնը Կը Բարձրացնէ Աշխարհի Տարբեր Անկիւններէն

Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ազատութիւն տալու նոյնքան ոճրալի եւ մարդկային ամէն տեսակ սկզբունքներու դէմ եղող արարքը չէր կրնար անտարբեր ձգել համայն հայութիւնը:

Ցասումի, ընդվզումի եւ բողոքի ալիքները «ողողեցին» աշխարհի տարբեր երկիրները, ուր հայութիւնը իր ձայնը բարձրացուց եւ արդարութեան հաստատում պահանջեց:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն կամ ընդվզումի այլ արտայայտութիւններուն լրատուութիւնները, զորս փոխանցուեցան «Ազդակ»-ին  կամ կարելի եղաւ զանոնք ապահովել: Յառաջիկային կը ներկայացնենք յաջորդող օրերուն տեղի ունենալիք ցոյցերուն լրատուութիւնները:

Պուէնոս Այրէս

ՀՅԴ Արմենիա երիտասարդական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, սեպտեմբեր 4-ի երեկոյեան բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնոս Այրէսի մօտ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:

Երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ համախմբուած ցուցարարները արդարութիւն պահանջեցին Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ազրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ներում շնորհելու իր որոշման վերանայումը պարտադրելով, որպէսզի ան դատապարտուի ցմահ բանտարկութեան:

Իտալիա

Իտալիոյ հայ համայնքը ընդվզած է Սաֆարովի արտայանձնման համար: Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը այս մասին լուսաբանման եւ բողոքի նամակ մը ուղարկած է  Իտալիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպանին, հունգարական դիւանագիտական ներկայացուցիչին,    իտալական մամուլին եւ քաղաքական հաստատութիւններուն: Կազմակերպած է նաեւ ցոյցեր:

Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական համաձայնութեան կասկածը աւելի ամօթալի կը դարձնէ Հունգարիոյ ընկերութիւնները:

Կիպրոս

Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ առնուած քայլերուն իբրեւ հետեւանք ոճրագործի մը ազատ արձակուելուն դէմ բողոքեցին նաեւ Նիկոսիոյ մէջ ապրող հայերը: Այս առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի միացեալ բողոքագիրը յանձնուեցաւ Կիպրոսի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ճորճիոս Մարքոփուլիոթիսի:

Մալթա

Մալթայի հայերը իրենց զայրոյթը արտայայտեցին հունգարական կառավարութեան կողմէ առնուած քայլին դէմ: Անոնք տարածեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ արտայայտեցին իրենց հիասթափութիւնը եւ վրդովմունքը հունգարական կառավարութեան որոշումին գծով: Մալթայի հայկական համայնքը Հունգարիոյ կառավարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ 2004-ին կատարուած ողբերգութեան համար, որովհետեւ անիկա պէտք է ապահովէր Գուրգէն Մարգարեանի ապահովութիւնը, բայց չյաջողելով ատիկա կատարել, պէտք է արդար դատավճիռով պատժէր մարդասպանը:

Իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններու համաձայնութեամբ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործը ազատ արձակուեցաւ եւ հերոս հռչակուեցաւ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հունգարիոյ կողմէ մարդասպանի յանձնումը եւ Հայաստանի կառավարութեան տեղեակ չպահելը ցինիզմի գագաթնակէտ է, եւ Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուած փաստաթուղթը, որով կ՛առաջնորդուի հունգարական կառավարութիւնը, կը կրէ տեղեկատուական, այլ ոչ թէ պարտադրող բնոյթ: Մալթայի հայերը կը շեշտեն, որ եթէ ապագային պարզուի, որ հունգարական կառավարութիւնը յանձնումը իրականացուցած է ազրպէյճանական տնտեսական հետաքրքրութիւններէն մեկնելով, ապա այդպիսի կառավարութիւն եւ ժողովուրդ չեն կրնար տեղ ունենալ հայ ժողովուրդի կողքին:

Հնդկաստան

Նախանցեալ օր Հնդկաստանի հայ համայնքը իր ընդվզումը եւ բողոքի ձայնը բարձրացուց Կալկաթայի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութեան առջեւ` Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովը պաշտօնական Պաքուի անօրինական արտայանձնման եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ անոր ազատութիւն շնորհելուն համար: Համայնքին կողմէ բողոքի նամակ յանձնուեցաւ Կալկաթայի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութեան:

Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեան իր նամակին մէջ գրած էր, որ մարդկային կեանքը աստուածապարգեւ է եւ կանխամտածուած սպանութիւնը յանցանք է` մարդկութեան եւ Աստուծոյ դէմ: Հնդկաստանի հայութեան անունով ան պահանջեց Հունգարիոյ կառավարութենէն` ներողութիւն խնդրել` հունգարական դատարանի կողմէ ցմահ դատապարտուած դաժան մարդասպանի ազատ արձակուելուն համար: Վարդապետը յայտնեց, որ այս անընդունելի որոշումը կ՛ոտնահարէ մարդկային իրաւունքները, արդարութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը եւ կը մերժէ աստուածային օրէնքը երկրի վրայ:

Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան իր խոր վրդովմունքը յայտնեց նամակը հիւպատոսին յանձնելու ընթացքին եւ դիտել տուաւ, որ վերջինս պէտք է այս անարդար արտայանձնման դէմ ընդվզի եւ իբրեւ բողոք, հրաժարական ներկայացնէ:

Լոնտոն

 

 

 

 

 

 

 

Լոնտոնի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները 4 սեպտեմբերին բողոքի ցոյց կատարեցին Անգլիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ` պահանջելով, որ Հունգարիա իր կատարած մեծ սխալը ուղղէ:

Պուլկարիա

 

 

 

 

 

 

 

Նախանցեալ օր պուլկարահայ Թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեանի առաջնորդութեամբ` հայկական համայնքը իր բոլոր հատուածներով բողոքի ցոյց կազմակերպեց Պուլկարիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան դիմաց: Այս առիթով ցուցարարները նամակով մը իրենց ընդվզումը արտայայտեցին Հունգարիոյ կառավարութեան առողջ բանականութեան հակասող եւ անյարիր կեցուածքին դէմ:

Բողոքի ցոյցի ընթացքին հայ համայնքին կը սատարէր պուլկարական «Ատակա» ազգային կուսակցութիւնը:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը այս առիթով նամակ մը յղեց Աւստրալիոյ վարչապետ Ճուլիա Ճիլարտին` իր ձայնը միացնելով Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն կատարած արարքին դէմ բարձրացած մերժումի արտայայտութիւններուն:

Հայ դատի յանձնախումբը այլ նամակով մը դիմած է Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոպ Քարիին, ՕԹԱՆ-ի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Պրենտան Նելսոնին, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպան Աննա Մարիա Սիկոյին:

Միութինը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան, որ անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ պատրաստ չէ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման: Միութեան անդամները կոչ ուղղեցին Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն` միանալու իրենց Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտելու գործին մէջ:

Ռումանիա

Ռումանահայերը վրդոված են Հունգարիոյ կառավարութեան քայլէն: Բացի իրաւական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու միջազգային չափանիշերու կոպիտ խախտումէն, անոնք ասիկա կը նկատեն իբրեւ ապտակ` երկրի հիմնադիրի կարգավիճակ ունեցող հունգարահայերուն: Ռումանահայ համայնքի ղեկավարութիւնը շաբաթ եւ կիրակի օրերը կազմակերպեց ժողովներ` լսելու Հայաստանի ղեկավարութեան ազգովին համախմբման եւ կատարուածին դէմ աշխուժօրէն բողոքելու պատգամները եւ քննարկելու կատարելիքները: Ռումանահայոց միութեան եւ թեմին կողմէ տարածուեցաւ յայտարարութիւն մը եւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ Պուխարեստի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ:

Նորվեկիա

Նորվեկիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները 3 սեպտեմբերին բողոքի ցոյց կատարեցին Օսլոյի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն բողոքի նամակ փոխանցեցին:

Ցուցարարները ներում կը պահանջեն Հունգարիայէն` Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու, զայն այդ երկրին մէջ հերոսացնելու, ներում շնորհելու եւ այլ անարդարութիւններու համար: Հայերը Հունգարիոյ դեսպանէն եւ հունգարական կառավարութենէն պիտի պահանջեն համարձակ եւ վճռական քայլերու ձեռնարկել` արդարութիւնը վերականգնելու համար: Նամակի օրինակներ պիտի փոխանցուին նաեւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճոնաս Գահր Սթորին, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ եւ դեսպան Ճէյնաս Հերմանին եւ այլն:

Պելճիքա

Պելճիքայի Անտրվեպէն քաղաքի «Նուարդ» հայկական միութիւնը բողոքի նամակ յղեց Պելճիքայի մէջ Հունգարիոյ դեսպանին` մտահոգութիւն յայտնելով Հունգարիոյ քայլին առնչութեամբ:

Հայերը զայրոյթով ականատես եղած են Եւրոպայի նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն ամօթալի իրադարձութեան:

Գերմանիա

Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու Գերմանիոյ մէջ Հունգարիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն դէմ:

Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը քանի մը օր առաջ տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իր ցասումը յայտնեց կատարուածին առնչութեամբ: Խորհուրդը իր բողոքը կը յայտնէ, որ Հունգարիա եւ Ազրպէյճան չարադաւ դաշինք կնքելով` յստակօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները: Խորհուրդը ողջունեց Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումը Հունգարիոյ հետ բոլոր դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման հարցին իմաստով, օրինակելի կը նկատէ ֆրանսացի, շուէտացի, ամերիկացի բարձրաստիճան այրերու խիստ քննադատութիւններու Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ իշխանութիւններու հասցէին եւ յոյս կը յայտնէ, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները նոյնպէս պիտի հետեւին Եւրոպայի եւ անդրովկիանոսեան իրենց արդարամիտ գործընկերներու օրինակին եւ Պաքու-Պուտափեշտ իշխանական դաւադիր զոյգին պիտի դատապարտեն անոնց կատարած յանցանքին համարժէք:

Երուսաղէմ

4 սեպտեմբերին աւելի քան 300 հայեր Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ` առաջնորդութեամբ հայ հոգեւորականներու եւ ակումբներու ատենապետներու: Հաւաքուած հայորդիները իրենց բողոքի արդար ձայնը բարձրացուցին` Հունգարիոյ որոշումին դէմ, որով մարդասպան Սաֆարովը ազատ արձակուեցաւ:

Հունգարիոյ դեսպանը անձամբ ստանձնեց նամակը:

Բողոքի նամակը պաշտօնապէս գրուած էր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ եւ կ՛արտայայտէր հոն ապրող հայութեան կեցուածքը:

Շուէտ

Շուէտի Հայկական միութիւններու խորհուրդը նամակ մը յղեց Սթոքհոլմի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան` հայ սպան կացինահարած ազրպէյճանցի ոճրագործի ազատ արձակման վերաբերեալ: Նամակին մէջ կը յիշուի, որ ոչ մէկ երկրի մէջ մարդասպան մը այսքան կը յարգուի, անոր աշխատավարձ կը տրուի: Ազրպէյճան այս քայլով կը քաջալերէ հայեր սպաննելու մտադրութիւնն ու կը բացայայտէ անոր այդ միտումները: Ըստ նամակին, ազրպէյճանական ղեկավարութեան այս քայլը ոչ միայն անգամ մը եւս ցոլացուց անոր ատելութիւնը հայերուն  նկատմամբ, այլ նաեւ խախտեց ու արհամարհեց համակարգը Հունգարիոյ արդարադատութեան, որ Եւրոպական Միութեան անդամ է:

Այս նամակով Շուէտի Հայկական միութիւններու խորհուրդը Շուէտի կառավարութենէն կ՛ակնկալէ այս առնչութեամբ համապատասխան եւ եւրոպական ընկերակցութեան անդամ երկրի վայել քայլերու դիմելու:

Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Մարմինի Կողմէ
Նամակներ
` Օպամայի Եւ Հունգարիոյ Դեսպանին

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամային` անկէ խնդրելով դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումը: Նամակին մէջ կը նշուի, որ Ալիեւի կառավարութիւնը եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը գնահատեցին Սաֆարովի վերադարձը եւ Ազրպէյճան դրժելով Հունգարիոյ տուած իր խոստումը` Սաֆարովը բանտարկելու գծով, ներում շնորհեց անոր:

Հայ դատի մարմինը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ` ըլլալով անդամ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին, պէտք է հրապարակաւ քննադատէ Հունգարիան, դատապարտէ Ազրպէյճանը եւ պահանջէ Սաֆարովի բանտարկութիւնը: Ոչ համապատասխան արձագանգ տալով` Միացեալ Նահանգներ առիթը կու տայ Ազրպէյճանին շարունակելու իր վայրագութիւնը եւ սպառնալիքները: Հայ դատի մարմինը անգամ մը եւս հանդիպում պահանջեց նախագահ Օպամայի հետ` տրուած ըլլալով, որ կը բացակայի երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւնը:

Հայ դատի մարմինը այլ նամակ մըն ալ յղեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Հունգարիոյ դեսպանին, որուն յայտնեց իր մտահոգութիւնը` Սաֆարովի արտայանձնման գծով: Նամակին մէջ նշուած է, որ Սաֆարովի հերոսացումը թոյլ պիտի տայ Ազրպէյճանի ժողովուրդին դիմելու վայրագութեան, ինչպէս նաեւ պիտի քաջալերէ սպառնալիքներու եւ յարձակումներու կայացումը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

Հայ դատի մարմինը դեսպանէն խնդրեց հանդիպում մը ունենալ` քննարկելու համար այս հարցը:

Քոլոմպիա Համալսարանի Հայկական 
ամախմբոիմի
Նամակը

Քոլոմպիա համալսարանի հայկական համախմբումը նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` անկէ խնդրելով բարձրաձայնել իրենց մտահոգութիւնը` Սաֆարովի ազատ արձակման գծով: Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ հայկական կեանքին հանդէպ, Ազրպէյճանի վարչակարգին յստակ անտեսումը, ինչպէս նաեւ Սաֆարովի հերոսացումը անոր կողմէ ա՛լ աւելի կ՛ընդլայնէ երկու ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան բացը:

Հայկական համախմբումը զարմացած է Հունգարիոյ որոշումէն: Ան կը խնդրէ Պան Քի Մունէն արագ քայլեր առնել եւ դատապարտել Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի արարքները: Նամակին մէջ նշուած է, որ հակասական է, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ մը այսպիսի անտեսում կը դրսեւորէ խաղաղութեան, ապահովութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքին հանդէպ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Vazken 11 years

    Lav 1000 ankam lav sdatsank mi dasnyak zoragzagan haydararoutyunnear ou tadabardumnear . Heado inch yete paroyagan haghtanagnearu masin e vartsgearnid gadar ov hay joghovourt heado? Meank kideank vor martasban e kaloum e ou garogh e nor balignear asharh peareal . Isd mear kheaghj dghan? Vor knum e 6 vodk khoroung hoghi dag….? Hayasdani nakhakah e vor zinyal oujearou badaskhanadun e ink antsamp ir panagy headakhouzutyan mead e yete isgabeas ga . Ou ourishin chean vsdahaz vor ed lur e irents pokhantsean panagy hramanadaren ou mamoul e ireants lrutyamp hanzavor en ou meaghsagits . Hayasdan grnar ir ounetzaz ayt pokr otoujov garogh er neartapantsear otayin darazoutyun e vrasdan azerbearjan sahmani ou sdibeal vor ichnar haygagan modaga otagagayan m ou zearpagalear ayt anasoun e . Hima jamanag en e hashveahartal gartal mear himarnear e nakh madnaneshealou ou tadabardealou ou aba zkeang vor harachiga endroutyunnearoun joghovourt e da ir vjir e: paroyagan haghtanagnearov artaroutyun chga ou hagajaroghnear e ireank tavajannear en.

  • Disqus ( )