Կառավարութիւնը Այսօրուան Նիստին Յետաձգեց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:15-ին, նախագահական պալատին մէջ   գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 80 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելման աստիճանները ճշդելու թղթածրարը, սակայն այդ իմաստով յստակ որոշումի մը չյանգելով, նոյն թղթածրարին քննարկումը յետաձգեց այսօր կէսօրէ առաջ իր գումարելիք նիստին:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման կառավարութիւնը տեղեակ պահեց Թեհրանի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին եւ իրանցի ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներէն:

Ան ընդգծեց, որ իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ լուծում` հիմնուելով ազգային երկխօսութեան վրայ եւ հեռու մնալով արտաքին միջամտութիւններէ:

Անդրադառնալով Լիբանանի կողմէ Արաբական լիկայի նստաշրջանի նախագահութեան ստանձնումին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գործադրել Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոքութիւն պահպանելու կեցուածքը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ բարեկարգումի օրինագիծեր մշակելու, ինչպէս նաեւ ընդգծեց բոլոր նախարարութիւններուն եւ խորհուրդներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` յաջողցնելու համար Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը արդէն իսկ հասած է կառավարութեան եւ ան պէտք չէ ձգձգէ անոր քննարկումն ու վաւերացումը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի տեղակալ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց նախագահական պալատի թեքնիք հարցերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին համար Նիզար Խալիլի նշանակումը, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ«Միտըլ իսթ»

օդանաւային ընկերութեան աշխատանքը երկարաձգել 12 տարիով:

Կառավարութիւնը փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիէն պահանջեց ներկայացնել առաջարկ մը, որուն մէջ նշուին այն երկիրները, ուր «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը ցարդ թռիչքներ չի կատարեր:

Անդրադառնալով պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելման աստիճանները ճշդելու թղթածրարին` նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ այդ թղթածրարին քննարկումը պիտի շարունակուի այսօր առաւօտեան` աւելցնելով, որ կան որոշ թնճուկներ, որոնք խոչընդոտի իմաստով չեն նշուած:

Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այդ յաւելումներուն գծով շարք մը առաջարկներ ներկայացուցած է, ինչպէս նաեւ առաջարկած է որդեգրել այնպիսի քայլեր, որոնք քաղաքացիները կը փրկեն յաւելեալ տուրքերէ:

«Ապա կատարուեցաւ խոր քննարկում` ներկայացուած առաջարկներուն գծով եւ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրներուն մասին` նկատի ունենալով կառավարութեան մաս կազմող տարբեր պլոքներու նախարարներուն տեսակէտները: Սակայն յաւելեալ քննարկումի կարիքին պատճառով կառավարութիւնը որոշեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելման աստիճանները ճշդելու թղթածրարին քննարկումը շարունակել այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան համալսարանին հետ պայմանագրութիւն ստորագրած դասախօսները դէպի նախագահական պալատ տանող Պաապտայի ճամբուն վրայ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք պահանջեցին ընդառաջել լիաժամ դասախօսներ ըլլալու իրենց պահանջին, որ չորս տարուան պահանջ է:

Դասախօսները շեշտեցին, որ կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ լիաժամ դասախօսներու վերածուելու համար իրենց առաջարկած բոլոր անունները` հաստատելով, որ այլապէս իրենք բաց գործադուլ պիտի յայտարարեն եւ ուսումնական նոր տարեշրջանը պիտի չսկսին:

Նշենք, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ընդհանուր գործադուլ յայտարարեց եւ բողոքի ցոյցերու կոչ ուղղեց` բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն, նահանգապետութիւններուն, քաղաքապետարաններուն, դպրոցներուն եւ պետական ու սեփական վարժարաններուն մէջ, որովհետեւ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուց:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )