Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելի. Լիբանանցի Շարք Մը Վարորդներ Վաղը Կու Տան Մամլոյ Ասուլիս Մը
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ վաղը` ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելիին մասնակցող շարք մը վարորդներ պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
Անոնք պիտի խօսին իրենց տարած աշխատանքներուն մասին, պիտի յայտնեն իրենց կարծիքը` անդրադառնալով նաեւ իրենց խումբերուն ծրագիրներուն, ինչ կը վերաբերի ռելիին իրենց պատրաստութեան:
Հակառակ անոր որ Ծոցի երկիրներուն շարք մը վարորդները պիտի բացակային այս ռելիին, սակայն պիտի ըլլայ ոչ այդքան փորձառու քաթարցի վարորդ մը` Ապտել Ազիզ Քաուարի, որ անոր կը մասնակցի Մինի Քուփըրով:
Կը կարծուի, որ այս ռելիին տիրապետողները ընդհանրապէս ըլլան լիբանանցի վարորդները, որոնք այս տարի բազմաթիւ են:
Յամենայն դէպս, կը կարծուի, որ լուսարձակները իրենց վրայ կեդրոնացնողները պիտի ըլլան Ռոժէ եւ Ապտօ Ֆըղալի եղբայրները:
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ սուրիացի փորձառու վարորդ Ֆատի Համատէն:

