Արուեստի Աշխարհէն. Թերեւս Վան Կոկ Չէր Ճանչնար Գոյները: Սակայն, Ի՛նչ Փոյթ…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՎԱՆ ԿՈԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԹԵՐԹԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԼՈԿԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ ԲԱՑԱՏՐՈՂ ՆՈՐ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ:

Վան Կոկ ունէր գոյներու սուր զգացողութիւն եւ վառ ու զիրար հակասող երանգներու նախընտրութիւն մը, որ երկար ժամանակ արուեստի ֆովիսթ շարժումին բնորոշ յատկանիշն էր: Սակայն արդեօք Վան Կոկի այս նախընտրութիւնը արդիւնք էր գոյները ճանչնալու անոր անկարողութեա՞ն, թէ՞ գեղարուեստական դատողութեան:

Ճափոնցի բժիշկ, գիտնական եւ բանաստեղծ Քազունորի Ասատա վերջերս գրաւած է ուշադրութիւնը գիտական պլոկներու, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն անոր այն վիճարկութեան նկատմամբ, թէ հռչակաւոր գեղանկարիչը ոչ թէ յեղաշրջում մը կատարած էր գեղարուեստի մէջ, այլ անոր արուեստը արդիւնք էր տեսողութեան թերութեան մը: Ասատայի յօդուածը հիմնուած էր անոր մէկ փորձառութեան վրայ, Ճափոնի «Գոյնի տեսողութեան փորձարկութեան սենեակին մէջ». այստեղ տարբեր խթաններով կարելի է գոյները տեսնել այնպէս, ինչպէս գոյները ճանչնալու կարողութենէն զուրկ անձ մը պիտի տեսնէր զանոնք: Իսկ երբ Ասատա տեսած է Վան Կոկի պաստառները, ան յայտնաբերում մը կատարած է:

Ասատայի համաձայն, Վան Կոկի գեղանկարները շատ աւելի կը գեղեցկանան եւ շատ աւելի բնական կը թուին անուղղակի լոյսի տակ: «Գոյներու բախումը եւ գիծերու կոպտութիւնը աննկատ կ՛անհետանան,- կը գրէ ան:- Իւրաքանչիւր գեղանկար կը վերածուի փայլուն գործի մը` շատ նուրբ գիծերով եւ երանգներով»: Այնուհետեւ Ասատա իր փորձարկութիւնը շարունակած է համակարգչային սարքով մը, որ կը ստեղծէ գոյները ճանչնալու կարողութեան տարբեր մակարդակներ: Ապա ան կեդրոնացած է գոյները ճանչնալու միջին թերութեան մը վրայ, որ իր կարծիքով, լաւագոյն ձեւով կը բնորոշէր Վան Կոկի գոյներու ճանաչողութիւնը: Ան եզրակացուցած է, թէ Վան Կոկի աչքը միջին չափով զուրկ էր կարմիր գոյնի երանգները ընկալելու կարողութենէն:

Իրօք, լոյսը զտող յատուկ գործընթացի մը տակ դիտուած Վան Կոկի պաստառները շատ աւելի բնական էին, քան` մեզի ծանօթ անոր վառ եւ ցայտուն գոյները: Անոնց մէջ երանգները բիւրեղ էին եւ շատ աւելի հեզասահ կը միաձուլուէին մէկը միւսին մէջ: Անոնք  զիրար ամբողջացնելու յատկութիւն մը կ՛արտացոլէին: Ասատայի փորձարկութեամբ` «Ցորենի դաշտեր` Ս. Փոլ հիւանդանոցին ետին» վերնագիրով պաստառին կարմիր եւ նարնջագոյն վրձնահարուածները կը ստանան աշնանային  ոսկեգոյնի երանգներ: «Աստեղազարդ երկինք» գեղանկարին զգայացունց կանաչը կը ստանայ դեղինի երանգներ: «Սերմնացանը» գեղանկարին դաշտէն կ՛անհետանան կարմիրն ու նարնջագոյնը, իսկ «Արեւածաղիկները» կը դառնայ մռայլ:

Խնդրայարոյց յստակ կէտեր կան Ասատայի վիճարկութեան մէջ: Նախ` անոր օգտագործած գեղանկարներուն տարբերակները անպայմանօրէն հարազատ չեն: Թուային (տիճիթըլ) պաստառներուն գոյները կայուն նմանութիւն մը չեն պահեր բոլոր համակարգիչներուն վրայ: Ասատայի օգտագործած նկարները բարձրորակ չեն, իսկ հաւանականութիւնը մեծ է, թէ ինքնին Վան Կոկի պաստառներուն գոյները բոլորովին տարբեր են, քան ինչ որ կը տեսնենք պաստառներու վրայ: Ապա կայ նաեւ փիլիսոփայական վէճը. ինչպէ՞ս կարելի է վիճիլ, թէ Վան Կոկի գեղանկարները աւելի գեղեցիկ կ՛երեւին` լոյսը զտող յատուկ գործընթացէ մը անցնելով: Մտածել, թէ գեղանկարիչին արուեստի գրգռիչ նախընտրութիւնները պարզապէս արդիւնք են առողջական վիճակի մը, կը նշանակէ ամբողջութեամբ անտեսել անոր ստեղծագործական աշխատանքը: Վան Կոկի գոյները դիտումնաւոր կերպով կը բախին իրարու: Գոյներու ոչ աւանդական զուգորդումները մաս կը կազմէին յետտպաւորապաշտ եւ ֆովիսթ շարժումներու գեղագիտական ոճին: Արդեօք Փոլ Կոկեն եւ Անտրէ Տըրան ե՞ւս գոյները չէին ճանչնար:

Այս քննարկումը կը յիշեցնէ այն վիճարկութիւնը, թէ երբ Մոնէի մէկ աչքին ոսպնեակը վիրահատական գործողութեամբ մը հանուած էր ակնաքողի (քաթարաքթ) պատճառով, անոր երանգապնակը ստացած էր մութ կապոյտի երանգ մը, որովհետեւ ան սկսած էր տեսնել անդրմանիշակագոյն լոյսը (աչքը պաշտպանող ոսպնեակը բնական ձեւով կը զտէ անդրմանիշակագոյն ճառագայթը): Հա՞ւը հաւկիթէն, թէ՞ հաւկիթը հաւէն. արդեօք արուեստագէտներ նորարարութիւններ կը կատարեն պարզապէս իրենց կենսաբանական կառուցուածքի՞ն իբրեւ արդիւնք, թէ՞ նորարար են, որովհետեւ ստեղծագործ են: Այս վերջինը աւելի հաւանական է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )