ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲՈՂՈՔ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՖԻՊԱ-ԻՆ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս պաշտօնական բողոք մը պիտի ներկայացնէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՊԱ-ին` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2010-2011 տարեշրջանը որակելով ոչ օրինական:

Այս որոշումը տրուեցաւ նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց ներկայացուցչական խումբը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ պարտուած հռչակուեցաւ Ռիատի Պէյրութի դէմ տեղի ունեցած ֆայնըլ-ֆորի հինգերորդ մրցումին, որ առաջին քորթըրի 9-րդ վայրկեանին ընդհատուեցաւ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս որոշումին ուշացումը սխալ մեկնաբանուեցաւ շատերուն կողմէ, իբրեւ թէ ՀՄԸՄ Անթիլիաս ընդունած էր այդ որոշումը: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս պատահեցաւ` նկատի ունենալով, որ կը սպասուէր ֆետերասիոնին տալիք որոշումին, որ սակայն եղաւ կողմնակալ:

Ի յայտ եկաւ, որ ֆետերասիոնը լիբանանեան բոլոր ակումբներուն հաւասար աչքով չի նայիր եւ խտրականութիւն կը կիրարկէ ակումբներուն միջեւ: Նախապէս, այլ առիթներով ֆետերասիոնը կրկնած էր, որ ինք բոլոր ակումբներուն ալ հայրն է եւ խտրութիւն չի դներ անոնց միջեւ:

Հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը դատապարտէ համայնքային բնոյթի բացագանչութիւնները, որոնց կարգին կարգ մը ակումբներ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան գծով անվայել արտայայտութիւններ ունեցան:

Share this Article
CATEGORIES