Լիբանանահայ Երիտասարդութեան Բազմամարդ Նստացոյցը` Հունգարիոյ Դեսպանատան Առջեւ

Երէկ` հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը բողոքի ցոյց մը կատարեցին Սանայեհի մէջ գտնուող հունգարական դեսպանատան առջեւ եւ հիւպատոսին յանձնեցին հաղորդագրութիւն մը:

Ցոյցին մասնակիցները հասնելէ ետք դեսպանատան շէնքին մուտքին, բարձրացուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած կարգախօսներուն ընդմէջէն յստակօրէն կը ներկայացուէին թէ՛ Հունգարիոյ գործած անարդարութիւնը եւ թէ՛ Ազրպէյճանի ազգայնամոլ եւ անմարդկային արարքները: Պաստառներուն վրայ գրուած էին հետեւեալ կարգախօսները. «Հունգարիա՛, դուն մեղսակից ես այս սպանութեան», «Հունգարիա՛, մի՛ բաւարարուիր ներում հայցելով, այլ ճանչցի՛ր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը», «Հունգարիա՛, քու քայլդ կը քաջալերէ նոր ոճիրները» եւ այլն: Նստացոյցի վերածուած բողոքին ընթացքին, երիտասարդները երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր, որմէ ետք կազմակերպիչներուն անունով խօսք առաւ Շողեր Ագրապեան (Խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային): Ցուցարարներուն հետ կարճ հարցազրոյցներ ունեցան նաեւ «Օ. Թի. Վի.», «Նաշրա», «Սաութ Լուպնան», «Տէյլի Սթար», Ազգային լրատուական գործակալութիւն, «Ժատիտ» եւ այլ լրատուամիջոցներ: Մօտաւորապէս ժամ մը ետք ցուցարարներէն զոյգ մը ներկայացուցիչներ նամակը յանձնեցին հիւպատոսին, որ զանոնք անձամբ ընդունելէ եւ անոնց հետ կարճ զրոյց մը ունենալէ ետք ստանձնեց նամակը:

 

 

 

 

 

 

Նշենք, որ նստացոյցին վայրը ժամանեցին նաեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք կէս ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցան հիւպատոսին հետ եւ անոնք եւս յանձնեցին իրենց նամակները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )