«Մենք Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութեան Անհրաժեշտութեան Կը Գիտակցինք, Սակայն Այդ Մէկը Չի Նշանակեր, Որ Փոփոխութիւնը Արիւնալի Պէտք Է Ըլլայ» Յայտարարեց Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ  «ներկայիս Սուրիոյ մէջ բռնութեան կիրարկումը մեզի մտահոգութիւն կը պատճառէ»` աւելցնելով, որ «թերեւս սուրիական տագնապի լուծման մէջ մեր գործընկերները պէտք է իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկեն եւ ոչ թէ մենք»:

Փութին շեշտեց, որ պէտք է Սուրիա զէնքի ուղարկումը դադրեցնել` յայտարարելով, որ «մենք Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան կը գիտակցինք, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ փոփոխութիւնը արիւնալի պէտք է ըլլայ»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ տագնապի բոլոր կողմերուն բանակցութեան սեղանին նստիլ պարտադրելը կարեւոր է», եւ հարց տուաւ. «Այն արաբական երկիրներուն մէջ, ուր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ, կարգ ու կանոն եւ հանգստութիւն տիրե՞ց»:

«Մենք չենք ուզեր մենք մեզ իսլամական ներքին տագնապներու մէջ խրել` շիիներուն, սիւննիներուն, ալեւիներուն եւ ուրիշներուն»` նշելով, որ «այսօր ոմանք կ՛ուզեն Քայիտան եւ անոր նմանները օգտագործել Սուրիոյ մէջ իրենց նպատակները իրականացնելու համար, եւ ատիկա վտանգաւոր է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը անհաւանական նկատեց: Ան ըսաւ, որ «Մոսկուա այն կատարեալ համոզումը ունի, որ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքերը ապահով դարձնելու համար պէտք եղած բոլոր միջոցառումները որդեգրած է»` նշելով, որ «Ռուսիա այս հարցով Դամասկոսէն պաշտօնապէս երաշխիքներ ստացաւ»:

Ռիապքով աւելցուց, որ «Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործումը անկարելի է… մենք սուրիական քիմիական զէնքերու մարտական նպատակներով օգտագործումը անհաւանական կը նկատենք»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիա քիմիական զէնքերու տարածումը արգիլող համաձայնութեան մաս չի կազմեր, ուստի Դամասկոսի այդ զէնքերը ունենալը համաձայնութեան կամ որեւէ յանձնառութեան խախտում չէ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «իրերայաջորդ անբարտաւան» յայտարարութիւնները, որոնց վերջինը կատարուած էր երեքշաբթի օր, երբ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ամբաստանեց «ահաբեկչական պետութիւն»   հաստատելու յանցանքով:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Էրտողան ահաբեկիչներու եւ ժիհատականներու Սուրիա ներթափանցումը կը դիւրացնէ այնպիսի ձեւով մը, որ այլեւս բացայայտուած է Սուրիա այցելող լրագրողներուն վկայութեամբ եւ սուրիական լրատուամիջոցներէն ահաբեկիչներուն կատարած խոստովանութիւններէն»:

«Էրտողանի թշնամական վարմունքի ցուցանիշները յստակ են եւ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը թիրախ դարձնելու ծրագիրի ձախողութեան համար անոր յստակ յուսաբեկութեան արտայայտութիւնն են», նշեց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ «սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան կապերը ամուր պիտի մնան, եւ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը մինչեւ օրս չյաջողեցաւ այդ ժողովուրդը (թուրք ժողովուրդը. «Ա.») Սուրիոյ մէջ իր եղբայրներուն դէմ թշնամանալու մղել»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ դատապարտեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի` Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի բացումին ընթացքին արտասանած խօսքը եւ զայն նկատեց «սուրիական ներքին հարցերու բացայայտ միջամտութիւն մը, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին իր ապագան առանց արտաքին միջամտութեան ճշդելու իրաւունքին դէմ յստակ ոտնձգութիւն մը»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական հողերուն վրայ ապահովական գօտիի յայտարարութիւնը տագնապի լուծման պիտի նպաստէ, սակայն շեշտեց, որ այդպիսի գօտիի մը յայտարարութիւնը կարիքը ունի նախ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծման:

Ան զգուշացուց ապահովական գօտիի մը ստեղծումը ձգձգելէն` յայտնելով, որ այդ հարցը թերագնահատելը պատճառ պիտի դառնայ 1995-ին Սրեպրենիչայի մէջ տեղի ունեցածին նման հաւաքական ջարդերու:

Էրտողան վստահութիւն յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը ուշ կամ կանուխ պիտի յաղթէ` նշելով, որ դէպքերը այդ մէկը ցոյց կու տան: Ան սուրիական տագնապին նկատմամբ իրենց կեցուածքին համար քննադատեց Ռուսիան, Չինաստանն ու Իրանը` ըսելով, որ «անոնք Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը կը տեսնեն, ինչպէս նաեւ Պաշշարի մօտալուտ աւարտը կը նկատեն»` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահը քաղաքականապէս մեռած է: Ան նաեւ ըսաւ, որ ամերիկեան վարչակարգին այս տագնապին նկատմամբ թափած ջանքը նախատեսուածէն նուազ է:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած 80 լրագրողներու հարցին` Էրտողան ըսաւ, որ անոնցմէ միայն 9-ը լրագրողի քարտ ունի, իսկ մնացեալը կապ ունին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, աշխատած են լրագրողի կեղծ քարտերով եւ զէնք շալկած են, ուստի զանոնք լրագրող կարելի չէ նկատել:

Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Շիմշեք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը սուրիացի գաղթականներուն կերակուր եւ ապաստան ապահովելու համար 500 միլիոն թրքական լիրա (275 միլիոն տոլար) ծախսած է:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը սուրիական սահմանին մօտ գտնուող Ուրֆա նահանգի Սրուճ շրջանին մէջ ռազմափորձեր կը կատարեն: Աւելի՛ն. քսան զրահապատ մեքենաներ եւ հրասայլեր ուղարկուած են Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Մուրշետ Փինար շրջան: «Անատոլու» կը նշէ, որ այն շրջանը, ուր ռազմափորձը կը կատարուի, Հալէպի նահանգի Այն Արապ շրջանէն տեսանելի է:

 

Share this Article
CATEGORIES