Ժիւտօ. Հայաստանի Երիտասարդներու Հաւաքականը Սկսաւ Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ անցնող քանի մը օրերուն Ռուսիոյ Արմաւիր քաղաքը մեկնեցաւ Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդներու հաւաքականը, հոն մինչեւ 14 սեպտեմբեր ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար` գլխաւորութեամբ մարզիչ Տիգրան Բաբայեանի:

Հայ մարզիկները կը պատրաստուին Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-24 սեպտեմբերին` Խրուաթիոյ մէջ:

Գլխաւոր մարզիչ Բաբայեանին կ՛օժանդակէ մարզիչ Նայիրի Մաթէոսեան:

Մէջբերելով Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնէն քաղած իր լուրը` PanArmenian.Net կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Խրուաթիոյ մէջ Հայաստան պիտի ունենայ ութ ներկայացուցիչ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )