Հայկազեան Համալսարանը Սագօ Էսքիճեանը Կը Նշանակէ Տղոց Ֆութսալի Մարզիչ
Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբը նախորդ երեք տարեշրջաններուն արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ` կիսաւարտական եւ աւարտական հանգրուաններ հասնելով, ինչպէս նաեւ տիտղոսի ալ տիրանալով: Այժմ, համալսարանի մարզական բաժինը նորանոր յաջողութիւններ ձեռք բերելու նպատակով քայլ մը եւս կ՛առնէ` Սագօ Էսքիճեանը նոր մարզիչ նշանակելով տղոց ֆութսալի խումբին:
2012-2013 տարեշրջանին համար արդէն իսկ ֆութսալի խումբը սկսած է իր նախապատրաստութիւններուն` կատարելով բարեկամական մրցում մը Լիբանանի հզօրագոյն խումբերէն Սատաքայի դէմ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ֆութսալի խումբին, ինչպէս նաեւ` համալսարանի մնացեալ մարզական խումբերուն:
CATEGORIES Մարզական

