Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Լիբանանահայ Երիտասարդութեան Բողոքի Ցոյցին

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն կողմէ Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ նախանցեալ օր կատարուած բողոքի ցոյցին անդրադարձած են լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր:

«ՏԻԱՐ»

«Տիար» օրաթերթը իր թիւին մէջ նշեց, որ երեք հայ կուսակցութիւններուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերի առաւօտեան հաւաքուած են Սանայեհի մէջ գտնուող հունգարական դեսպանատան առջեւ եւ բողոքած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանի արտայանձնելու Հունգարիոյ որոշումին դէմ:

Օրաթերթը մանրամասնութեամբ գրեց, թէ ինչպէս Սաֆարով 2004-ին, Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերէն մէկուն ընթացքին սպաննած էր հայ սպայ  Գուրգէն Մարգարեանը` աւելցնելով, որ Հունգարիա Սաֆարովը արտայանձնած էր Ազրպէյճանի, որպէսզի ան շարունակէր կրել իր ցմահ բանտարկութեան վճիռը, սակայն Ազրպէյճանի մէջ անոր նախագահական յատուկ ներում շնորհուած էր:

Նոյն օրաթերթը ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանահայ երիտասարդներն ու ուսանողները բարձրացուցած էին պաստառներ ու ցուցատախտակներ, որոնք կը կրէին ազրպէյճանցիներու կողմէ հայութեան դէմ ատելութիւն սերմանելու Հունգարիոյ քաջալերական կեցուածքները դատապարտող կարգախօսներ:

«Տիար» անդրադարձած էր նաեւ, որ ուսանողները հիւպատոսին յանձնած են բողոքի նամակ մը, իսկ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները իրենց կարգին ուղղուած են դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցած Հունգարիոյ դեսպանին հետ եւ անոր յանձնած բողոքի նամակ մը:

«ՆԱՀԱՐ»

Այս օրաթերթը երէկուան իր թիւին մէջ նշեց, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերը Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ խաղաղ ցոյց մը կատարած են եւ բողոքած Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման դէմ, ինչպէս նաեւ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան անունով արտասանած են ճառ մը ու դեսպանատան յանձնած բողոքի նամակ մը:

Օրաթերթը անդրադարձած է Սաֆարովի գործած քստմնելի արարքին:

«ՍԱՖԻՐ»

«Սաֆիր» օրաթերթը իր լրատուութիւնը  խորագրեց հետեւեալ կերպով. «Գլխու հասած կացինի հարուած մը»:

Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան կատարած խաղաղ ցոյցին եւ լայն անդրադարձ կը կատարէ Սաֆարովի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինով սպաննելուն մասին, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ, որ հունգարական դեսպանատան առջեւ կատարուած ցոյցը ուղղուած էր Հունգարիոյ կողմէ ոճրագործը Ազրպէյճանի արտայանձնելու որոշումին դէմ:

«Սաֆիր» նշեց, որ հայ երիտասարդներն ու ուսանողները դատապարտած են Հունգարիոյ այդ որոշումը եւ խստիւ դատապարտած Ազրպէյճանի կողմէ Սաֆարովին ոչ միայն ներում շնորհելու, այլեւ` զինուորական իր աստիճանը բարձրացնելու եւ զայն իբրեւ ազգային հերոս ընդունելու արարքը:

Օրաթերթը նշեց նաեւ, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը իր կարգին այցելած է Հունգարիոյ դեսպանին եւ անոր յանձնած բողոքագիր մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Հունգարիոյ այս որոշումը Կովկասի մէջ լարուածութիւնը կրնայ բարձրացնել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

«Մուսթաքպալ» օրաթերթը եւս հրապարակեց նոյնաբովանդակ լրատուութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդները եւ ուսանողները բողոքի խաղաղ ցոյց մը կատարած են եւ դատապարտած Հունգարիոյ դեսպանատան որոշումը, որ կը քաջալերէ հայութեան նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն ատելութիւնը եւ կը նկատուի միջազգային օրէնքի խախտում:

«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ»

«Տէյլի Սթար» օրաթերթը իր կատարած լրատուութեան մէջ անդրադարձաւ հայ երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն ցոյցին, ինչպէս նաեւ լայն լրատուութիւն մը կատարեց Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան արարքին եւ անկէ ետք Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի արտայանձնումին եւ Ազրպէյճանի մէջ անոր ստացած ներումին, զինուորական աստիճանի բարձրացումին, անոր ստացած նիւթական հատուցման եւ բնակարան մը նուէր ստանալուն մասին:

Լրատուութեան մէջ նշուեցան նաեւ հայ ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն հնչեցուցած լոզունգները, անոնց պաստառներուն վրայ գրուած կարգախօսները, ինչպէս նաեւ անոնց եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ Հունգարիոյ դեսպանատան յանձնուած բողոքագիրը:

«Տէյլի Սթար» հպանցիկ կերպով անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին:

Share this Article
CATEGORIES