Սաֆարովի Հարցով Հայութիւնը Կը Շարունակէ Բողոքել Եւ Արդարութիւն Պահանջել
Միացեալ Նահանգներ
Սեպտեմբեր 6-ին Լոս Անճելըսի հայ համայնքը Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի հիւպատոսարաններուն առջեւ իր բողոքի ձայնը միացուց աշխարհի տարբեր կողմերէն հնչող, անարդարութեան դրսեւորման դէմ բողոքող բազմահազար հայերուն:
«Արիւնալի դրամներով գնուած Հունգարիա», «Ամօ՛թ, Հունգարիա», «Արդարութիւնը գին չունի», «Արդարութիւն կը պահանջենք» գրութիւններով պաստառներ բարձրացուցած հազարէ աւելի ամերիկահայեր մասնակցեցան Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, Միացեալ հայ երիտասարդներու, ՍԴՀԿ «Կայծ» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան եւ հայ ուսանողական համախմբուած միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին:
Հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ քաղաքական-հասարակական գործիչներ, իրաւաբաններ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, լրագրողներ, հայկական դպրոցներու աշակերտներ, արցախեան պատերազմի վեթերաններ, ամերիկահայ տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով երիտասարդներ:
Ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը փորձեց իր բողոքը արտայայտող եւ արդարութեան վերականգնումը պահանջող նամակներ յանձնել Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի հիւպատոսարաններուն, սակայն ապահովական մարմինները յայտնեցին, որ միայն յատուկ հրաւէրով կարելի է ներս մտնել` խորհուրդ տալով նամակը առաքել նամակատան միջոցով:
Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները հաստատեցին, որ հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի բացայայտ թշնամանքի այս արտայայտութիւնը կը յուշէ, որ արդէն հասած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման պահը: Անոնք նաեւ միջազգային հանրութենէն պահանջեցին միանալ հայութեան եւ Հունգարիոյ կառավարութենէն պահանջել չեղեալ նկատել Սաֆարովը արտայանձնելու անբարոյ որոշումը եւ ներողութիւն խնդրել իր արարքին համար:
Մատրիտ
Սեպտեմբեր 6-ին Սպանիոյ հայութիւնը եւս բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մատրիտի մէջ գտնուող Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ: Ցուցարարները պաստառներ բարձրացուցած էին եւ արտասանուած խօսքերու ճամբով իրենց վրդովմունքն ու բողոքը կ՛արտայայտէին տեղի ունեցած ամօթալի արարքին առնչութեամբ: Անոնք Հունգարիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէին ընդունիլ իրենց գործած մեծ սխալը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի Հունգարիան վերագտնէ ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկրի իր բարի համբաւը:
Ցուցարարները համապատասխան բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին դեսպանատան: Սպանիոյ մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսը ընդունեց ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ իր երկրի կառավարութեան անունով ափսոսանք յայտնեց, որ Ազրպէյճան դրժեց մարդասպանը ազատ չարձակելու իր խոստումը:
Նշենք, որ ցոյցին մասնակիցները դեսպանատան շրջակայքը գտնուող օտարներուն բաժնեցին թռուցիկներ` տեղի ունեցածին մասին:
Ռումանիա
Սեպտեմբերին 6-ին Ռումանիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ համախմբուեցան Պուքրեշի հայ համայնքի զաւակները` բողոքելով Ռամիլ Սաֆարովի առնչութեամբ տեղի ունեցած ամօթալի արարքին դէմ:
Պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ դեսպանին կողմէ, որ ստանձնեց բողոքի մասնակիցներուն ցասումն ու պահանջը բովանդակող նամակ մը: Հունգարիոյ դեսպանը իր խոր ափսոսանքը արտայայտեց եւ ներողութիւն խնդրեց իր կառավարութեան անունով:
Կիպրոս
Նիկոսիոյ մէջ հունգարական դեսպանատան առջեւ 5 սեպտեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց` կազմակերպուած կիպրահայ երիտասարդութեան կողմէ:
Բողոքողները պաստառներով եւ յունարէն, անգլերէն, հունգարերէն վանկարկումներով ամբողջ ժամ մը իրենց ցասումը յայտնեցին մարդասպան Սաֆարովի ազատ արձակման համար, որուն պատասխանատու նկատեցին հունգարական կառավարութիւնը:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին երեք համահայկական կուսակցութիւններու Կիպրոսի մարմիններուն ներկայացուցիչները բողոքի նամակ մը յանձնեցին դեսպան Պալաչ Պոթոսին, որ անձամբ դուրս եկաւ դիմաւորելու ցուցարարները: Ան ցաւ յայտնեց պատահածին համար եւ խոստացաւ բողոքի նամակը անմիջապէս փոխանցել իր կառավարութեան:
Ապա դեսպանին յայնձնուեցաւ ՌԱԿ-ի Կիպրոսի վարչութիւն, ՀՅԴ-ի Կիպրոսի կոմիտէին, ՍԴՀԿ-ի Կիպրոսի Վարիչ մարմինին կողմէ ստորագրուած նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր, թէ Հունգարական Հանրապետութեան անբարոյ այս ընթացքը եւ Ազրպէյճանի կողմէ աղաղակող ոտնահարումը` միջազգային եւ Եւրոպական Միութեան օրէնքներու, պատճառ դարձած են, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, ոտքի ելլէ` ուժգնօրէն բողոքելու Հունգարիոյ կառավարութեան դէմ, պահանջելով անկէ, որ ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ յետս կոչելու համար անարգ ներումը, որպէսզի ոճրագործը վերադառնայ բանտի այն խուցը, ուր ան պարտի ըլլալ:
Սեպտեմբերին 6-ին բողոքի նամակին պատճէնը յանձնուեցաւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի Կիպրոսի ներկայացուցչութեան ղեկավարին, պահանջելով, որ հարցը քննուի նաեւ ԵՄ յանձնաժողովին կողմէ:
Կիպրահայ երիտասարդութեան բողոքի ցոյցին լայնօրէն անդրադարձան տեղական թերթերն ու հեռատեսիլի կայանները:
Ցոյցէն մէկ օր առաջ` 4 սեպտեմբերին, Հունգարիոյ ներկայացուցիչին նմանօրինակ բողոքի նամակ մը յանձնած էր նաեւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը` Վարդգէս Մահտեսեան: Իսկ 5 սեպտեմբերին Վ. Մահտեսեան նամակով մը հարցը Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի ուշադրութեան յանձնեց` պահանջելով, որ ան, որպէս ԵՄ նախագահող երկրի խորհրդարանի նախագահ, անհրաժեշտ քայլերու դիմէ Հունգարիոյ առած ամօթալի քայլին կապակցութեամբ:
Քանատա
7 սեպտեմբերին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ սկիզբ առաւ Օթթաուայի հունգարական դեսպանատան դիմացէն: ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամներու կողքին բողոքի ցոյցին մասնակից էին նաեւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի եւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտութիւնը: Հայ երիտասարդութեամ կողմէ բողոքի նամակ յանձնուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանատան: Մէկ ժամ տեւող ցոյցէն ետք, ՀՅԴ ՔԵՄ-ի, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ Քանատայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամները ուղղուեցան դէպի ազրպէյճանական դեսպանատուն, ուր շարունակեցին բողոքի ցոյցը:

