Հունգարազրպէյճանական Խայտառակութիւնը Կ՛արդարացնէ Արցախի Անկախութեան Ձգտումը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհի հայերը խիստ վրդոված են Ալիեւի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին (ազրպէյճանցի սպայի մը, որ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ՕԹԱՆ-ի դասընթացքներու ընթացքին կացինահարելով սպաննած էր քնացած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը) ներում շնորհելուն եւ հունգարական կառավարութան կողմէ զայն ազատ արձակելուն առնչութեամբ:
Դժուար է որոշել, թէ ո՞ր երկիրը պէտք է աւելի շատ մեղադրել այս աղմկայարոյց եւ խայտառակ գործով` Հունգարիա՞ն, թէ՞ Ազրպէյճանը: Մեղադրանքներու մէկ մասն ալ պէտք է ուղղել միջազգային հանրութեան, որ անտեսած է Արցախի հայերու բազմաթիւ բողոքները այն մասին, թէ անոնք այլեւս երբեք չեն կրնար ապրիլ Ազրպէյճանի բռնատիրական լուծին տակ:
Երբ 2004-ին Սաֆարով կատարեց իր բարբարոսական արարքը, ազրպէյճանցիները փառաբանեցին անոր ստոր ոճրագործութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր Ազրպէյճան հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընէր մղելու համար Հունգարիոյ կառավարութիւնը` կացինահարող մարդասպանը ազատ արձակելու, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտէին վստահ ըլլալ, որ Սաֆարով պիտի կրէ իր ցմահ բանտարկութիւնը:
Հունգարիոյ ղեկավարները բազմիցս վստահեցուցին Հայաստանին, որ հակառակ Ազրպէյճանի յամառ ճնշումներուն, ազրպէյճանցի բանտարկեալը ազատ պիտի չարձակուի: Սակայն, 31 օգոստոս, 2012-ին, առանց նախազգուշացումի, հունգարական իշխանութիւնները խախտեցին իրենց պաշտօնական երաշխիքը` Սաֆարովը յանձնելով Պաքուին:
Ինչո՞ւ իրադարձութիւններու նման շրջադարձ տեղի ունեցաւ: Հնարաւոր բացատրութիւն կարելի է գտնել մէկ շաբաթ առաջ «Պլումպըրկ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած կարճ տեղեկատուութեան մէջ. «Ազրպէյճան բանակցութիւններու մէջ մտած է Հունգարիոյ հետ` անոր երեք միլիառ եւրօ արժողութեամբ պետական պարտատոմսերը գնելու համար… Ազրպէյճանի խնդրանքով պարտատոմսերը կրնան վաճառուիլ Թուրքիոյ մէջ` արտայայտուած թրքական լիրայով, եւ կրնան վաճառուիլ, մինչ Հունգարիա համաձայնութեան կու գայ Արտարժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ… Ազրպէյճանը համաձայն է ընդունելու շուկայականէն ցած տոկոսադրոյքներ Հունգարիոյ պարտքին առնչութեամբ»:
Ակնյայտ է, որ Հունգարիան դաւաճանեց Հայաստանին «30 արծաթով», տուեալ պարագային` 3 միլիառ եւրոյի (3.77 միլիառ տոլարի) դիմաց: Նման մեծ գումար կրնայ Հունգարիան տնտեսական կործանումէ փրկել, սակայն անիկա հունգարական պաշտօնեաները բարոյական սնանկացումէ չի կրնար փրկել: Հունգարիոյ համար Ազրպէյճանի քարիւղին գումարը աւելի թանկարժէք է, քան հայկական արիւնը:
Իր չարամիտ գործարքը արդարացնելու համար Հունգարիան բացայայտեց Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրովի 15 օգոստոս, 2012-ի թուագրութեամբ նամակը, որ կը հաստատէ, թէ Սաֆարովը Պաքուին յանձնելէ ետք Ազրպէյճան չի փոխեր անոր նկատմամբ ճշդուած պատիժը: Զահիրով վկայակոչած է Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 57/3 յօդուածը` հաւաստիացնելով, որ ցմահ ազատազրկման դատապարտուածը կրնայ ազատ արձակուիլ միայն այն պարագային, եթէ ան կրած է իր պատիժին առնուազն 25 տարիները:
Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճան խախտեց ոչ միայն իր ստանձնած պարտաւորութիւնը Հունգարիոյ հանդէպ, այլ նաեւ` իր իսկ օրէնքները, երբ նախագահ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց Սաֆարովին` Ազրպէյճանական օդանաւի ընկերութեան արտակարգ չուերթով Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք: Ազրպէյճանցի սպային շնորհուած է գնդապետի աստիճան, յատկացուած է անվճար բնակարան, վճարուած է անոր ութ տարուան չվճարուած աշխատավարձը, եւ քնացած հայը սառնասրտօրէն սպաննած մարդասպանը դիմաւորած են հերոսի նման:
Նկատի առնելով այս խայտառակ զարգացումներուն հանդէպ աշխարհի հայութեան խիստ վրդովումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան օգոստոս 31-ին հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ` յայտարարելով, որ Հայաստան կը կասեցնէ Հունգարիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ պաշտօնական բոլոր կապերը: Ապա ան կանչեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը եւ «յատուկ յանձնարարութիւն» տուաւ անոր: Նախագահ Սարգսեան խիստ ուղերձով դիմեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն` նախազգուշացնելով զանոնք, որ Հայաստանի հետագայ յարաբերութիւնները անոնց կառավարութիւններուն հետ կախուած պիտի ըլլան այս միջադէպին հանդէպ անոնց արձագանգէն: Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները արձագանգեցին` մտահոգութիւն յայտնելով Սաֆարովի ազատ արձակման եւ ներում շնորհելուն առնչութեամբ եւ բացատրութիւն պահանջեցին Հունգարիայէն եւ Ազրպէյճանէն:
Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան, անկասկած, պիտի մերժէ իր «ազգային հերոս»-ը Պաքուի մէջ բանտարկելու կամ ցմահ բանտարկութիւնը շարունակելու համար Հունգարիա վերադարձնելու որեւէ առաջարկ, հայերը պէտք է ձեռնամուխ ըլլան շարք մը նախաձեռնութիւններու` միջազգային հանրութեան ապացուցելու, որ Արցախը երբեք չի կրնար ընդունիլ կացինով զինուած մարդասպաններն ու անոնց պետական հովանաւորներու իշխանութիւնը: Հայերը պէտք է օգտագործեն արդարադատութեան վիժեցման պատճառով յառաջացած միջազգային կարեկցանքը` ամրապնդելու համար Արցախի անկախ պետականութեան հիմնաւորումը:
Յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն հայերը պէտք է ճնշում գործադրեն Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ` բողոքի ցոյցեր կազմակերպելով անոնց դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն առջեւ, պահանջելով բոլոր պետութիւններէն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-էն, Եւրոմիութենէն եւ ԵԱՀԿ-էն դատապարտել Պուտափեշտի եւ Պաքուի կողմէ արդարադատութեան միջազգային չափանիշներուն խայտառակ խախտումը:
Հայաստան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ եւ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը` կոչ ընելով միւս բոլոր պետութիւններուն հետեւելու իր օրինակին: Երբ Ալիեւը ստորագրեց Սաֆարովին ներումը, ան ակամայ հիմնաւորեց Արցախի անկախութեան պայքարը:
Աշխարհի հայերը պէտք է միաւորեն իրենց ուժերը Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հզօրացման համար` կանխելու Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու կողմէ հետագայ որեւէ թշնամական ոտնձգութիւն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

