ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՐԱՖԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Քուէյթի մէջ ներկայ գտնուեցաւ քուէյթցի անուանի գործարար եւ բարերար շէյխ Նասեր Խուրաֆիի յուղարկաւորութեան արարողութեան:
Պըրրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով յետ մահու շքանշան զետեղեց Խուրաֆիի դագաղին: Խորհրդարանի նախագահը քոմանտորի աստիճանի մայրիներու բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց Նասեր Խուրաֆին` գնահատելով Լիբանանի մէջ անոր ի գործ դրած ջանքերը եւ զոհողութիւնները:
Միւս կողմէ, Խուրաֆիի եղբայրը` Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ շէյխ Ժասեմ Խուրաֆի հաստատեց, որ իր եղբօր` Նասեր Խուրաֆիի շնորհուած այս շքանշանը կը պատկանի նաեւ Քուէյթի եւ անոր Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շքանշանին համար` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Քուէյթի անունը ամբողջ աշխարհին մէջ բարձր պահելու համար: