«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Մրցանակակիրները Աւարտեցին Հայաստանի Մէջ Իրենց Կրթական-Դաստիարակչական Շրջապտոյտը
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան վերադարձան «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի հայոց պատմութեան գիտելիքներու զարգացման մրցումի մրցանակակիրները, որոնք մէկ շաբթուան տեւողութեան կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը իրականացուցին Հայաստանի մէջ:
Ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աջակցութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան:
Հետագային առիթ կ՛ունենանք մանրամասնօրէն անդրադառնալու ծրագիրի գործադրութեան զանազան հանգուաններուն:
CATEGORIES Գաղութային

