Քրտական Հակաթուրք Բազմամարդ Ցոյց` Պէյրութի Մուտքին
Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտ-Տորայի մայրուղիին վրայ` մայրաքաղաք Պէյրութի մուտքին, տեղի ունեցաւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանը ազատ արձակելու կոչ ուղղող քրտական հակաթուրք բազմամարդ ցոյց մը:
Ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին Օճալանի զօրակցութեան լոզունգներ. բարձրացուած կարգախօսները կը դատապարտէին թրքական կառավարութեան ցեղապաշտական կեցուածքները քիւրտ ժողովուրդին նկատմամբ, կը դատապարտէին նաեւ վերջերս թրքական բանակին կողմէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ շղթայազերծուած զինուորական արշաւը: Ցուցարարները բարձրացուցած էին նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ քրտական անկախութեան դրօշակները: Անոնք գրկած էին նաեւ Ապտիւլլա Օճալանի մեծ լուսանկար մը:
Ցուցարարները ուղղուեցան Ժըմմէյզիի մէջ գտնուող Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան կեդրոնատեղին` երթեւեկի եւ ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ: Անոնք պահանջեցին Օճալանի մեկուսացումին եւ բանտարկութեան վերջ տալ` նկատել տալով, որ Օճալանի մեկուսացումը «քիւրտ ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան վրայ պարտադրուած մեկուսացում է»:

