«Ոչ Ոք Թող Համարձակի Պատրիարքութեան, Բանակին Եւ Հանրապետութեան Նախագահութեան Դպչիլ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման կը քողազերծէ Ամշիթի մարզական համալիրի սրահին ցուցանակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման  շաբաթավերջին Ամշիթի  մէջ բացումը կատարեց իր անունը կրող մարզական համալիրին:

Այս առիթով նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել երկրին քաղաքական, կրօնական եւ զինուորական հաստատութիւններն ու դիրքերը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ քաղաքական մրցակցութիւնը պէտք է կատարուի մարզական ոգիով` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու` քաղաքական, դատական թէ կրօնական մակարդակով, պէտք է ճշմարտութիւնը ըսէ եւ պաշտպանէ երկրին ու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը:

«Ամշիթ Լիբանանին տուած է պատրիարքութիւնը եւ երկու պատրիարք, ան լիբանանեան բանակին երկու հրամանատար տուած է եւ ի վերջոյ հանրապետութեան նախագահ մը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ պատրիարքութիւնը, բանակի հրամանատարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահութիւնը լիբանանեան եւ քրիստոնէական անքակտելի արժէքներ են, որոնք պէտք է պահպանուին:

«Մենք պէտք է այդ դիրքերը պահպանենք,  եւ ոչ ոք թող համարձակի պատրիարքութեան, բանակին եւ հանրապետութեան նախագահութեան դպչիլ, որովհետեւ անոնք երեքը կը ներկայացնեն Լիբանանի արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ամշիթի մէջ ձկնորսներու նաւահանգիստի բացման առիթով նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի մօտ գտնուած ականներուն մասին իր կատարած յայտարարութիւնները փոխանցած է նաեւ սուրիական պատուիրակութեան, երբ ան Թեհրանի մէջ հանդիպած է անոր անդամներուն հետ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ հանդիպումի նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ եկած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այդ նախաձեռնութեան համար:

Իսկ հանդիպումը լրատուամիջոցներուն լուսարձակներէն հեռու պահելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ իրենք գաղտնի հանդիպումներու վարժ չեն, սակայն զուգադիպաբար դահլիճին մէջ իրենց հանդիպումին պահուն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ներկայ չեն եղած:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ  սուրիական պաշտօնական կողմեր պատասխանատու չըլլան Սըմահայի մօտ գտնուած ականներուն եւ գործուելիք պայթումներու շարքին ծրագրաւորումին:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ տակաւին ամբաստանութիւն չէ արձակուած:

Ան ըսաւ, որ Սըմահայի մօտ գտնուած ականներուն թղթածրարին առումով իր կեցուածքներէն  ոչ մէկը պիտի զեղչէ` աւելցնելով, որ երկրին դատական իշխանութիւնները պէտք չէ ենթարկուին այս կամ այն սպառնալիքներուն եւ կողմնակալութիւն չկատարեն:

Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները ջնջելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք երբեք պիտի չարտօնէ այդ մէկը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )