ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓԱՅԵԹԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայեթը, որուն ընկերակցեցաւ էսթոնիական պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Փայեթ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Սլէյմանի` առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն փնտռտուքին առումով լիբանանեան ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Այս ծիրին մէջ Փայեթ ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանցի այն ոստիկանին համար, որ սպաննուած էր 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող բջիջներէն մէկը հալածելու ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն իրենց հետաքննութիւնները` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային շարք մը ձերբակալութիւններ կատարուին եւ կարելի ըլլայ առեւանգուողներուն ճակատագիրը բացայայտել:

Նշենք, որ Փայեթ այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար Ուիլիըմ Հապիպին, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի մէջ առեւանգուած 7 էսթոնիացիներուն հարցը:

Հանդիպումին ընթացքին Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` բացայայտելու համար էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող կողմերը, եւ կը փափաքի զանոնք ազատ արձակելու առումով արագ լուծումի մը յանգիլ:

Իր կարգին, Փայեթ ընդգծեց, որ իրենք էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն մասին նուազագոյն տեղեկութիւնն իսկ չունին:

Ան նշեց, որ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն գտնուած վայրը իրենց համար անծանօթ է` աւելցնելով, որ անոնք նոյնիսկ վստահ չեն, եթէ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները Լիբանանի մէ՞ջ կը գտնուին, թէ՞ այլուր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու գործավար նախարար Շարպել Նահհասը, որուն հետ քննարկեց այս մարզին բարգաւաճման ու արդիականացման ծրագիրներն ու կարելիութիւնները, որպէսզի բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ համացանցի օգտագործման ծիրին մէջ Լիբանան համաշխարհային մակարդակի հասնի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց իր դէմ  կատարուած սուրիական ամբաստանութիւններուն վերաբերող հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES