Գահիրէի Մէջ Եգիպտոս-Թուրքիա-Իրան-Սէուտական Արաբիա Առաջին Նիստ. Իպրահիմի Կը Խոստանայ Սուրիոյ Տագնապը Սուրիացի Ժողովուրդի Շահերուն Համահունչ Լուծելու Համար Առաւելագոյն Ջանք Թափել

Երէկ երեկոյեան Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի առաջարկած Սուրիոյ հարցով քառանդամ կապի յանձնախումբի առաջին նիստը: Քառանդամ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Եգիպտոսը, Թուրքիան, Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան: Իրան հաստատեց, որ պիտի մասնակցի ժողովին: Իրան կ՛առաջարկէ կապի խմբակը ընդլայնելով անոր մէջ ներառել Սուրիոյ դրացի երկիրներ` Իրաքը, Յորդանանն ու Լիբանանը:

Նախքան հանդիպումը Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Քամել Ամրօ յայտնեց, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ արտաքին գործոց նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մակարդակով` պատրաստելու համար արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Գահիրէի մէջ` «յառաջիկայ օրերուն»:

Ան ըսաւ, որ Գահիրէ պիտի ջանայ համաձայնութիւն ձեռք բերել շարք մը կէտերու շուրջ, ներառեալ` բռնարարքներու կասեցում, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան երաշխաւորում, արտաքին զինուորական միջամտութեան մերժում եւ սուրիացի ժողովուրդի «ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ արժանապատուութեան ձգտումները» իրագործող քաղաքական հոլովոյթի ձեռնարկում:

Գահիրէի օդակայանէն պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Էօմեր Էօնհոն Գահիրէ հասած է` ներկայացնելու համար Թուրքիան, իսկ Եգիպտոսի պետական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր-Ապտոլլահեան պիտի ներկայացնէ Իրանը:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ քանի մը օրէն պիտի մեկնի Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենայ պաշտօնատարներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ` շեշտելով, որ «սուրիացի ժողովուրդը միջազգային ընտանիքի օժանդակութեան կը սպասէ եւ ապահովութեան հաստատման ու ազատութեան տիրանալու կը ձգտի»:

Իպրահիմի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ Գահիրէի մէջ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց, որ «ՄԱԿ-ը եւ Արաբական լիկան սուրիացի ժողովուրդին շահէն այլ շահ չունին»` նշելով, որ Սուրիոյ տագնապը սուրիացի ժողովուրդի շահերուն համահունչ լուծելու իր առաւելագոյն ջանքը պիտի թափէ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շեշտեց, որ ջանքերը Իպրահիմիի առաքելութեան յաջողութեան համար պէտք է թափել` կոչ ուղղելով «Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներու մասնակիցները դատելու»:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները սուրիացի թիւրքմեն հազար գաղթականներ Այնթապէն մերձակայ Օսմանիյէ քաղաք փոխադրած են, որովհետեւ դպրոցական վերամուտը կը մօտենայ:

«Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մոսկուա կիրակի օր աւարտած է Սուրիոյ մէջ գտնուող իր քաղաքացիները Թարթուս փոխադրելու առաջին հանգրուանը:

Share this Article
CATEGORIES