Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Քոչարեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը` վերջինիս խնդրանքով: Դեսպան Քոչարեան նախագահին ներկայացուց ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը հունգարական իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի արտայանձնելու եւ ապա Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Սաֆարովի շնորհուած ներման եւ հերոսացման մասին մանրամասնութիւններ:

Ա. Քոչարեան նախագահ Սլէյմանի յայտնեց, որ Հայաստան Հունգարիոյ հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու պաշտօնական կապերը կասեցուցած է` աւելցնելով, որ բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ, սփիւռքի հայկական գաղութները աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են: Ան նշեց նաեւ, որ բողոքի ցոյց մը կատարուած է նաեւ Պէյրութի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան շէնքին առջեւ` հունգարական-ազրպէյճանական խայտառակ գործարքը դատապարտելու նպատակով:

Նախագահ Սլէյման ըմբռնումով ընդունած է իրեն ներկայացուած տեղեկատուութիւնը եւ մաղթած, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւնները շարունակուին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս շեշտելով միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ երկկողմանի սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այս առումով դեսպան Քոչարեան լիբանանեան կողմին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան երախտագիտութիւնը` Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի շրջանակներուն մէջ սերտ համագործակցութեան եւ շարունակական օժանդակութեան համար:

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Քոչարեան ընդգծեցին երկկողմանի բարձրաստիճան պաշտօնական այցելութիւններու եւ տնտեսական կապերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման դեսպան Ա. Քոչարեանէն խնդրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցել իր ջերմ շնորհաւորանքները` Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին մէջ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին աշխարհի ախոյեանութիւնը նուաճելուն առիթով:

Դեսպան Քոչարեան այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Քոչարեան դարձեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ խայտառակ գործարքին վերաբերեալ:

Ա. Քոչարեան Պըրրիի փոխանցած է Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ 5 սեպտեմբերին գումարուած յատուկ նիստին ընթացքին որդեգրուած բանաձեւը, զոր Պըրրի իր կարգին խոստացած է յանձնել Լիբանանի խորհրդարանի նիստին ուշադրութեան:

Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած են երկու բարեկամ երկիրներուն սերտ համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )