2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Պուլկարիա- Հայաստան

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` այս անգամ հիւրը ըլլալով Պուլկարիոյ (Բ. խմբակ):

Նշենք, որ հայրենի կազմը երէկ Մալթայէն մեկնեցաւ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա: Խումբը հինգ օրէ ի վեր կը մնար Մալթա, ուր կատարեց զտումի իր առաջին մրցումը` դաշտին տիրոջ դէմ:

Երէկ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսաւ, որ կարգ մը փոփոխութիւններ պիտի կատարէ, ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

ՆՇԵՆՔ, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականը (21 տարեկանէն վար) ԵՈՒՐՕ-2013-ի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին (Բ. խմբակ) 0 – 0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Մոնթենեկրոյի հետ դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Հայրենի կազմը ամէն գնով յաղթանակի պէտք ունէր, որպէսզի յաջողէր` իբրեւ լաւագոյն երկրորդը, ապահովել փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ եւ Հայաստան դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Share this Article
CATEGORIES