«Բանակին Դերակատարութիւնը Կասկածի Տակ Առնելու Քայլը Կը Վնասէ Ամբողջ Երկրին» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:
Վարչապետ Միքաթի ողջունեց լիբանանեան բանակը երկրին ապահովութիւնը, վարչակարգը եւ կայունութիւնը պահպանելուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը եւ պատկերը աղաւաղող բոլոր փորձերուն դէմ դնելուն առումով:
Զօր. Քահուաժի վարչապետ Միքաթիի ներկայացուց կառավարութեան տուած որոշումներուն գործադրութեան շրջագիծին մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն եւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին մանրամասնութիւնները: Այս ծիրին մէջ էին Թրիփոլիի, Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջանին եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ բանակին առած քայլերը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ բանակին որդեգրելիք միջոցառումները Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին Լիբանան կատարելիք պատմական այցելութեան ընթացքին:
Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց դրուատական իր խօսքերը բանակին մատուցած զոհողութիւններուն առնչութեամբ, նշելով, որ անոր նպատակն է ամրապնդել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Միքաթի դարձեալ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը վստահութիւն ունի բանակին, անոր հրամանատարութեան, սպայակոյտին եւ իւրաքանչիւր զինուորի վրայ:
Միքաթի նշեց, որ եթէ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկրին տարբեր հարցերուն վերաբերող կեցուածքներուն մէջ տարակարծութիւններ կ՛արձանագրուին, ապա այդ ուժերը պէտք է հաստատ մնան բանակին զօրակցելու առումով, որովհետեւ բանակը փաստած է, թէ ինք քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի շահերուն ու ժողովուրդին:
«Հետեւաբար մեծ սխալ է բանակը միջամուխ դարձնել քաղաքական տարակարծութիւններուն, որոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին ընտրական եղանակին ընթացքին: Բանակին դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնելու քայլը կը վնասէ ամբողջ երկրին եւ ոչ միայն զինուորական հաստատութեան: Բանակը ամբողջ Լիբանանին կը պատկանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար կը զոհուի: Այս սկզբունքէն մեկնելով` մենք պէտք է վերահաստատենք բանակին նկատմամբ մեր վստահութիւնը», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետը զօր. Քահուաժիին ըսաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը պատրաստ է գործադրելու բանակը զինելու ծրագիրը, որ կ՛երկարի հինգ տարիներու վրայ եւ որ կ՛արժէ մէկ միլիառ 600 միլիոն տոլար:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Նիլ Ուոլընը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:
Հանդիպումին ընթացքին Ուոլըն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` Կեդրոնական դրամատան եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ գործակցութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ ելեւմտական կացութեան վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքներուն հաւանականութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի ներկայացուց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները, որոնք կ՛աշխուժացնեն Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ կ՛ընդլայնեն Լիբանանի մէջ կատարուող արաբական եւ օտար ներդրումներուն ցանցը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, որ Միքաթիի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց ապահովական ուժերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու նպատակով իրենց որդեգրած միջոցառումներուն համար:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ սուրիական զարգացումները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, Աքքարի բարգաւաճման պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը:


