ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵՐԺԱԾ Է ԻՐԱՆՑԻՆԵՐԸ ԼԻՊԻԱՅԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼ
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ թրքական նաւերը մերժած են իրանցիները Լիպիայէն հեռացնել:
Թրքական նաւերը Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ միատեղ Լիպիայէն կը հեռացնեն նաեւ այլ պետութիւններու քաղաքացիներ: Սակայն այդ աշխատանքը կատարող թուրքերը կտրուկ կերպով մերժած են Լիպիայէն հեռացնել Իրանի քաղաքացիները` պատճառաբանելով, որ նաւուն մէջ տեղ չկայ:
«Ֆարս» կը նշէ նաեւ, որ Լիպիայէն իրանցիները հեռացնելու խնդրանքով Իրանի պաշտօնեաները դիմած էին թուրք գործընկերներուն: Իրանեան լրատուամիջոցները թուրքերու այդ վերաբերմունքը կ՛որակեն իբրեւ «անպատուաբեր եւ անվայել քայլ»:
CATEGORIES Միջազգային