Վարչապետ Միքաթի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Եւ Ընդունեց Ժոլին

Ժոլի, Կիթերես եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ընկերակցեցաւ  ՄԱԿ-ի բարի կամեցողութեան դեսպան Անժելինա Ժոլին:

Պատուիրակութիւնը, որ երէկ առաւօտեան այցելած էր Պեքաայի շրջանը եւ ստուգած հոն գտնուող սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը, հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան  ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնախումբին տրամադրած օժանդակութիւններն ու ներկայացուցած ծառայութիւնները:

Պատուիրակութեան նախագահ Անթոնիօ Կիթերես յայտնեց, որ Սուրիոյ շրջակայ երկիրներուն մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասաւ 66 հազարի:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք սրտբաց ընդունած են սուրիացի գաղթականները եւ անոնց տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւններ, նոյնիսկ եթէ անոնք գաղթակայաններ չեն կառուցած անոնց համար:

Իր կարգին, Անժելինա Ժոլի յայտնեց, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ գիտնալով հանդերձ, որ այս երկրին մէջ դժուար կացութիւն եւ ապահովական ապակայունութիւն կը տիրէ:

Ժոլի նշեց, որ ինք սուրիացի գաղթականներուն այցելած է` անոնց յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու միտումով:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն տրամադրած օժանդակութիւնը սուրիացի գաղթականներուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Նուրի Մալիքիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան շրջանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տնտեսական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ Իրաք Լիբանանի հետ իր թռիչքներուն թիւը աւելցնէ եւ իրաքեան շուկաները բանայ լիբանանեան խնձորին դիմաց:

Վարչապետ Միքաթի Մալիքին վերստին հրաւիրեց Լիբանան այցելութեան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որուն հետ Միքաթի քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )