Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Բանակի Հրամանատարութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին ապահովական կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց բանակի հրամանատարութիւնը, վերջերս անոր իրագործած տարբեր նուաճումներուն համար, յատկապէս առեւանգուած օտար քաղաքացիները ազատ արձակելու առումով:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բանակին առաքելութիւնը ծառայած է լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը վերականգնելու եւ անոր վարկը բարձր պահելու:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ պէտք է շարունակել այս քայլերը եւ օրինական պատժամիջոցներ որդեգրել յանցագործներուն դէմ:

Նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերուի թմրեցուցիչի ցանքերը փճացնելու առումով:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է վարչապետին, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց, երկրագործութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ` հետապնդելու համար այս հարցը:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` Իրանի ազգային հաւաքականին դէմ անոր տարած յաղթանակին առիթով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES