Երեւանէն Հալէպ Վերադարձած 4 Հայ Ճամբորդներ Սպաննուած Են Եւ 13 Ուրիշներ Վիրաւորուած

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ին յայտնեց, որ Սուրիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան` «Սիրիըն Էրլայնզ»-ի օդանաւով Երեւանէն Հալէպ վերադարձող 4 հայեր սպաննուած են եւ 13 ուրիշներ վիրաւորուած:

Անոնք ապահովութեան համար 10 ինքնաշարժով օդակայանէն ճամբայ ելած են, սակայն ճամբուն վրայ իրենց ինքնաշարժները հրացանաձգութեան թիրախ դարձած են.  սպաննուած են Մեսրոպ Աճեմեան, Յարութ Սուլավճեան, Հրաչ Պեպեճեան եւ Արսէն Պեպեճեան: Վերջինս ճամբորդ չէր, այլ օդակայան մեկնած էր դիմաւորելու համար Հրաչ Պեպեճեանը:

13 հայ վիրաւորները տարբեր վէրքեր ստացած են: Անոնցմէ երկուքը անմիջապէս տուն վերադարձած են, իսկ մնացեալը դարմանումի համար տակաւին կը գտնուին հիւանդանոց:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )