Մանուկներու Շահագործման Մասին

ԾՈՎԻԿ  ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Մանուկներու շահագործումը տնտեսական ու ընկերային երեւոյթ մըն է, որ  տակաւին առկայ է  քաղաքակրթուած մեր աշխարհին մէջ: Այս հարցը նեղ կացութեան մատնեց  միջազգային մեծ ընկերութիւնները, որոնք  աշխատող մանուկներէն ձեռք բերուած  օգուտն  ու եկամուտը նկատեցին որպէս ծախսերու խնայողութեան միջոց  եւ մրցակցութեան երաշխիք: Մանուկներու փոքր տարիքէն աշխատանքը  արգիլող օրէնքներ կան, սակայն  անոնք իրապէս կը հետապնդուի՞ն ու կը կիրարկուի՞ն արդեօք:

Լիբանանի մէջ կը նկատենք կարգ մը մանուկներ, որոնք փողոցներու մէջ ապրանք կը վաճառեն ոստիկաններու ներկայութեան ու անոնց «քթին տակ»: Նմանապէս, կը նկատենք կազմակերպուած խմբակներ, որոնք  առաւօտուն մանուկները  «կը տեղաւորեն»  զանազան շրջաններու մէջ ու երեկոյեան վերստին կը հաւաքեն զանոնք` հաշուելու համար այդ մանուկներու մուրացկանութենէն «ամբարած» գումարները:

Ճիշդ է, որ փոքր տարիքէն մանուկներու շահագործումն ու պարտադիր աշխատանքի մղումը արգիլելու եւ սանձելու կոչուած ու պատկան մարմինները արթնութեան ու գիտակցութեան հրաւիրող յատուկ համաձայնագրեր կնքուեցան  Լիբանանի մէջ, սակայն  արդեօք անոնք հասա՞ն գործատէրերուն կամ ազդեցի՞ն  անոնց վրայ: Աւելի՛ն. արդեօք այդ գործատէրերը կը գիտակցի՞ն մանուկներու վրայ աշխատանքի հետեւանքներուն ձգած ազդեցութեան վտանգաւոր տարողութեան: Եւ եթէ նոյնիսկ այդ միջոցառումները հասնին կամ ազդեն գործատէրերուն վրայ, արդեօք այդ մանուկները կամ  անոնց ծնողները տրամադիր պիտի ըլլա՞ն հրաժարելու  «աշխատանք»-ի այդ ոճէն`  առանց զայն փոխարինող աշխատանքի  նոր ոճի երաշխիքներ ստանալու: Խիստ կարեւոր է մանուկներու շահագործման ունեցած հետեւանքներուն շուրջ ընկերային  արթնութեան  ու գիտակցութեան  ստեղծումը:  Սակայն աւելի կարեւորը` անոնց լուծման միջոցներ որոնող աշխատանքի ծրագիրներու մշակումն է:

Մանուկներու  Շահագործման
Ժխտական   Հետեւանքները

1. Ֆիզիքական                 

Մանուկներ իրենց աշխատանքի  պահուն ենթակայ կ՛ըլլան քիմիական թէ ֆիզիքական վտանգներու, յատկապէս որ անոնց մարմնական դիմադրողականութեան կազմաւորումը բաւարար չափով աճած չ՛ըլլար տակաւին: Հետեւաբար անոնք շատ աւելի կը վնասուին, քան մեծերը:

2. Մտային առումով

Աշխատող մանուկներուն տրուող պարտականութեանց կամ աշխատանքի կրկնութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անոնց մտային կարողութիւնը աճի շատ աւելի դանդաղ  կամ նուազ տարողութեամբ, քան`  դպրոց յաճախող մանուկներու պարագային:

Մանուկներու  Օգտագործումը
Շահաբեր Չէ  Ընկերութեանց

1. Ընկերութեանց  դէմ պոյքոթ

Պոյքոթը կը նկատուի գլխաւոր սպառնալիք` միջազգային ընկերութեանց համար, որուն պատճառով վաճառքի ցուցանիշը կը նահանջէ ու կը նուազի, որովհետեւ աշխատանքի մէջ մանուկներու օգտագործումը շատ աւելի ծախսալից է, քան` չափահասներու օգտագործումը:

2. Փորձառութեան ու աշխատանքի ատակութեան պակաս

Այդ մանուկներու  աշխատանքի ատակութիւնն ու մտային կարողութիւնները բաւարար չափով աճած ու զարգացած չեն ըլլար: Անոնք տակաւին անկարող կ՛ըլլան արժեւորելու այն տուեալները, որոնցմով կը բնութագրուին ապրանքի մը լաւորակ կամ վատորակ ըլլալը, ինչ որ պատճառ կ՛ըլլայ ապրանքներու աւելի ծախսալից ու վատորակ մակարդակի արտադրութեան:

Մանուկներու  Շահագործման Երեւոյթի
Վերացման
  Օգուտները 
Կը
Գերազանցեն  Ծախսերը

ՄԱԿ-ի տեղեկագիրը.-

3  փետրուար 2004-ին հրապարակուած Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրին համաձայն, մանուկներու շահագործման երեւոյթի վերացման առաւելութիւններն ու օգուտները եօթնապատիկ տարողութեամբ կը գերազանցեն (անոնց օգտագործման) ծախսերը: Մանուկներու փոքր տարիքէն  պարտադիր աշխատանքի մղումը կը նշանակէ` 246 միլիոն մանուկներու  (օգտագործման) ծախսերը  5,1 եռիլիոն  (թրիլիոն) տոլարի պիտի հասնին  մինչեւ 2020 թուական: Մինչդեռ եթէ այդ մանուկներուն  պարտադիր աշխատանքի փոխարէն ուսանելու առիթ ընծայուի, նշեալ գումարը կը նուազի` յանգելով  միայն  760 միլիոն տոլարի:

Թելադրանքներ

Ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները պարտին չբաւարարուիլ այս հարցին կապակցութեամբ պարզապէս ուսումնասիրութիւններ պատրաստելով, այլ անոնք պարտին իրենց ձեռք բերած արդիւնքները վճռականօրէն փոխանակել  լիբանանեան կառավարութեան ու լիբանանեան ընկերութեան հետ: Նման քայլ մը կրնայ յանգիլ աւելի նպատակայարմար լուծումներու, ինչպէս` կարիքաւոր ընտանիքներու եւ մանուկներու հոգածութիւնը ստանձնող կազմակերպութեանց հիմնում: Այս երեւոյթի դիմագրաւման գիտակցութեան շեշտաւորումը կրնայ նպաստել ընկերութեան  զարգացման ու յանգիլ` կառավարական գործնական միջոցառումներու:

Ներքին գործոց նախարարութեան մօտ «Փողոցի մանուկներու միաւոր»-ը պարտի կիրարկել  աշխատող մանուկներուն վերաբերող  կանոնագրային տրամադրութիւնները ու մշակել ազգային ծրագիր մը` գործակցաբար պետական վարժարաններուն հետ ու այս` կանխարգիլելու համար  խնդրայարոյց հարցերու ծագումը: Օրինակ` վարժարանները պարտին տեղեկագրեր պատրաստել դպրոցէն փախուստ տուող մանուկներու մասին, իսկ աշխատանքի նախարարութիւնը պարտի փութալ անմիջապէս հետապնդելու  այդ հարցերը եւ լուծել զանոնք: Յիշեալ միաւորին կը մնայ  պատրաստել ու մշակել աշխատող մանուկներու վերընտելացման ու վերակազմաւորման յատուկ ծրագիրներ:

Մանուկները, բոլո՛ր մանուկները, ամէնուրեք պէտք է գտնեն պետական վարժարան  յաճախելու իրենց ճամբան:

Այլազան մարզերու գործատէրեր պարտին մասնակցիլ աշխատող մանուկներու  շահագործման դիմագրաւման առնչուող ռազմավարութեանց պատրաստութեանց, ինչպէս նաեւ անոնք մնայուն կերպով տեղեակ պէտք է պահուին այս հարցին առնչուող կանոնագրային տրամադրութիւններէն  ու օրինագիծերէն:

Վերջապէս հարկ է պոյքոթի ենթարկել  միջազգային այն ընկերութիւնները, որոնք մանուկներ կը շահագործեն աշխարհի տարածքին: Այդ ընկերութիւնները պէտք է անդրադառնան, թէ իրենց  գործատեղիներուն մէջ մանուկներ  շահագործելով` իրենց բարոյական վարկն ու դիմագիծը կը խաթարուի: Սպառողներու մօտ ընդհանուր գիտակցութիւնը օր ըստ օրէ յարաճուն  զարգացումի մէջ է, եւ այդպիսի (շահագործման) արարքները այլեւս ընդունելի չեն, քաղաքակրթուած մեր աշխարհին մէջ: Աղքատութիւնը կամ չքաւորութիւնը կրնայ ծածկուիլ այլազան երեւոյթներու ետին, սակայն  հարկ է որոնել աղքատութեան յաղթահարման այլ միջոցներ, ինչպէս` միջազգային նպաստներ ու այս գծով համաշխարհային կազմակերպութեանց որդեգրած  յայտագիրներ:

 

Share this Article
CATEGORIES