Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սերրան
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Պապ Թըպպանէի պատասխանատուներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր օրինազանցներուն նկատմամբ շատ խիստ պիտի վարուի եւ Թրիփոլիի մէջ իր ծրագրած ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրէ` հասնելով մինչեւ լիբանանեան այլ շրջաններ:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որ զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


