Հեծելարշաւ. Լեռնային Շրջապտոյտ` Ֆաքրայի Եւ Արզի Միջեւ

Կազմակերպութեամբ «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի  տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի լեռնային շրջապտոյտ մը` «Մեկա Ռայտ» անուան տակ, մասնակցութեամբ 28 հեծելանւորդներու:

Անիկա սկսաւ Ֆաքրայէն (Քեսրուան), ապա ուղղուեցաւ Արզ (հիւսիս): Անիկա տեղի ունեցաւ երթուդարձի դրութեամբ:

Հեծելանւորդները, որոնք ծովու մակերեսէն բարձրացան աւելի քան 2600 մեթր, անցան Լաքլուքէն, Թաննուրինէն: Անոնք տասնեակ քիլոմեթրներ քշելով իրենց հեծանիւները, թէեւ հասան մինչեւ Արզ, սակայն անոնց մօտ զգալի էր յոգնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES