«Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ճատրակի Ողիմպիականը Պաքուի Մէջ Կազմակերպելով Հայ Խաղացողները Անտեսել» Կ՛ըսէ Իլիա Լեւիթով

Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իլիա Լեւիթով իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինք կը զարմանայ եւ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է համաձայն գտնուիլ ճատրակի յաջորդ ողիմպիականը կայացնել Պաքուի մէջ եւ այս ձեւով անտեսել Հայաստանի ճատրակի վարպետները, որոնք կը մերժեն մեկնիլ Ազրպէյճան:

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին գործադիր կոմիտէին նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչները դէմ արտայայտուեցան յառաջիկայ մրցաշարքը Պաքուի մէջ կայացնելու գաղափարին` շեշտելով, որ պիտի չմեկնին Պաքու:

Մէջբերելով Լեւիթովի յայտարարութիւնը` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը շարունակէ ըսելով, որ ամէն գնով պէտք է հասկնալ «հայկական կազմին մտահոգութիւնը»:

«Հայաստանի վարպետները վերջին չորս ողիմպիականներէն երեքին տիրացած են ոսկի մետալին: Ասիկա նկատի ունենալով` այս խումբը պիտի չմասնակցի՞ ճատրակի յաջորդ ողիմպիականին», եզրափակեց Լեւիթով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )