Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Մարզաշապիկը Սկսաւ Ծախուիլ
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր մարզաշապիկը սկսած է ծախուիլ:
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի մամլոյ քարտուղարութենէն` Armsport.am կ՛աւելցնէ ըսելով, որ եթէ հայրենի համակիրները կ՛ուզեն իրենց տրամադրութեան տակ ունենալ նոր մարզաշապիկը, կրնան ուղղակիօրէն ուղղուիլ Խանճեան 27 հասցէին գտնուող «Համմըլ» խանութին սրահը:
Հաւաքականին կէս-թեւ մարզաշապիկները կ՛արժեն 25 հազար դրամ, իսկ երկար-թեւ շապիկները` 29 հազար դրամ:
Նշենք, որ հաւաքականին մարզական համազգեստը կ՛արժէ 87 հազար դրամ:
CATEGORIES Մարզական

