Պըրրի Ընդունեց Շարպելը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական իրադարձութիւնները` նշելով, որ այդ հանդիպումը եղած է շինիչ: Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հարցով Շարպել յայտնեց, որ զանոնք ազատ արձակելու առումով դրական նշոյլներ կան` աւելցնելով, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի ուղղուի Թուրքիա եւ նկատել տալով, որ իրենք լուրջ կ՛աշխատին եւ պտոյտի նպատակով չէ որ կ՛այցելեն Թուրքիա:

Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել յայտնեց, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ անոնք պիտի ըլլան ժողովրդավարական, թափանցիկ, արդար եւ քաղաքակիրթ ընտրութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES