Հայութիւնը Մեծաշուք Տօնակատարութեամբ Նշեց Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակը

Մուսա լերան հերոսամարտի 97-ամեակի տօնախմբութեան ներկաներէն մաս մը

Կիրակի, 16 սեպտեմբերի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ Այնճարի հիմնադիր ազգային հերոս` Մովսէս Տէր Գալուստեանի յիշատակին: Պատարագին ներկայ գտնուեցան պետական նախարար Փանոս Մանճեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ  հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Օրուան պատարագիչն էր Կորիւն արք. Պապեան: Ան իր քարոզի ընթացքին ներկայացուց մարտիրոսութեան գաղափարը` նշելով հայ ժողովուրդի մղած քաջարի հերոսամարտները, որոնց ընդմէջէն ամրապնդուեցաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքը: Սրբազանը անդրադառնալէ ետք խաչվերացի պատմական անցեալին, գերեվարուած խաչը վերադարձնելու համար մղուած պայքարին, վեր առաւ մուսալեռցիներու հերոսական խոյանքը, անոնց կարմիր խաչ դրօշակի հաւատքն ու փրկութիւնը: Ան Մուսա լերան հերոսամարտը նկատեց շողացող աստղ մը Եղեռնի մութ երկնքին մէջ` յայտնելով նաեւ, որ մայիսեան յաղթանակներու եւ արցախեան պայքարի ենթահողին վրայ ամուր կանգնած է Մուսա լերան հերոսամարտը: Սրբազանը բարձր գնահատեց Այնճարի հայութեան թափած քրտինքը, որ յաջողած է անապատը վերածել կանաչ այգեստանի, որ պատիւ է իւրաքանչիւր հայու համար: Կորիւն սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը` ի նպաստ հայ ժողովուրդի անկատար տենչերու իրագործման:

Պատարագի աւարտին յուշարձան-համալիրին մօտ սրբազան հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը, ապա տեղի ունեցաւ մատաղի բաշխում` բոլոր ուխտաւորներուն:

Հաւատացեալ ժողովուրդը գոհունակ սրտով մեկնեցաւ իր բնակարանը` անգամ մը եւս վերանորոգելով իր ուխտը յանուն նահատակներու սրբազան ոգիի անմահութեան:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակի
Ժողովրդային
Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 9:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կից Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան-համալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ հերոսամարտի 97-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութեան:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի  շեփորախումբը Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն առաջնորդելով հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի յուշարձան-համալիր, ուր դիմաւորուեցաւ գիւղին հոգեւոր պետերուն, պատկան մարմիններուն եւ բազմահազար ժողովուրդին կողմէ: Հանդիսութեան ներկայ էին  պետական նախարար Փանոս Մանճեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, համայնքային եւ միութենական ներկայացուցիչներ, պաշտօնական հրաւիրեալներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայորդիներ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ կատարուեցան լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգները, «Մուսա լերան գիւղերէն»-ը, «Քայլ առ առաջ»-ը եւ այլն:

Օրուան հանդիսավարը` Եւա Աշգարեան, ողջունեց ժողովուրդը յուշերովը Մուսա լերան 40-օրեայ մարտնչումի պատմութեան` զայն կոչելով Աստուածներու վեհութեան օրհներգութիւն եւ հերոսներու մարտիրոսութեան ակնաղբիւր:

Ապա բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաժակ Հերկելեանը, որպէսզի պաշտօնապէս կատարէ օրուան տօնախմբութեան բացումը:

Իր կարգին, Խաժակ Հերկելեան հերոսամարտի յաղթանակը գոչեց մեր պատմութեան դիւցազնական էջերէն մէկը: «Ջարդի եւ տեղահանութեան արհաւիրքը ապրած ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ կրնայ ծնիլ հերոսներ, պայքարիլ բռնութեան դէմ եւ ապահովել իր գոյութեան երթը: Այո, այս դժուար պայմաններուն ընդմէջէն նոր կեանքի ձգտումով էր, որ հիմը դրին այս գիւղին միատեղ ապրելու վսեմ նպատակով:

«Մեր գիւղը «խենթ» էր յանուն կեանքի, յանուն յաղթանակներու, յանուն մեծ գոյութեան մը, ուր կան խղճմտանք, վեհութիւն, բարեկամութիւն, սրբութիւն ու հայու անիմանալի երազներ»:

Ապա հանդիսավարը հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան մթնոլորտը ճոխացնող երգիչները` Ալիս Իբրաճեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Նշան Ջաղացպանեան, որոնք ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին, ազգային, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառեցին ուխտաւորները: Յատկանշական էր նաեւ Այնճարի նուիրուած նոր երգի մը կատարումը Նշան Ջաղացպանեանի կողմէ (Խօսք` Քնար Շխրտըմեան-Գամպերեանի, երաժշտութիւն` Արշակ Խնդիրեանի): Երգը ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ:

Ժողովուրդին բարձր տրամադրութեան ամբողջացումը կատարեց օրուան պատգամախօս` գիւղի զաւակներէն, ազգային երեսփոխան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Սեպուհ Այնթապեանը: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ թուրքին հրէշային ծրագիրի ընթացքին եւ թրքական կազմակերպուած բանակի անմարդկային արարքներուն, զորս յաղթահարելու վճռակամութեամբ մուսալեռցին փառքով պսակեց իր գոյութեան սպառնացող պատմակշիռ հերոսամարտի աւարտը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան աւելցուց, որ «մեր յարգանքն ու երախտիքը կը մատուցենք բոլոր անոնց, որոնք գերագոյն նահատակութեամբ արժեւորեցին մեր պատիւն ու կեանքը, որոնք հասնելով այս ափերը եկեղեցի ու դպրոց, ակումբ ու բնակարան կառուցեցին նորահաս սերունդներուն համար»: Ապա դոկտ. Այնթապեան թելադրեց, որ մեր ամբողջական կարողութիւնը ի սպաս դնենք  այս կենսական նպատակին համար, որպէսզի չկորսնցնենք մեր հաւաքական հարստութիւնն ու ազգային կեանքը:

Անդրադառնալով մշակութային կեանքին` Այնթապեան քաջալերեց գիւղիս բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, երգչախումբերն ու պարախմբային ելոյթները, թատերական ներկայացումներն ու ցուցահանդէսները, որոնք պատիւ բերած են Այնճարին: Այսօր նոր մարտահրաւէր է մեզի համար Այնճարի մշակութային առողջ եւ աշխուժ գործունէութեան վերակազմաւորումը, որպէսզի նոր սերունդը եւս անմասն չմնայ նախկին սերունդներուն երանելի մշակութային կեանքէն: Իսկ միութենական կեանքը կը շարունակէ մնալ մեր հաւաքական կեանքի բազկերակը:

Յայտագիրի աւարտին բեմ բարձրացաւ գիւղի աւանդական տհոլ զուռնայի երիտասարդ խումբը, որ խանդավառեց մթնոլորտը եւ հազարաւոր հայորդիներ ձեռք-ձեռքի բռնած կշռութաւոր ձեւով պարեցին Այնճարի աւանդական շուրջպարը:

Յուշարձան-համալիրին մէջ անշուշտ, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի կազմակերպութեամբ կը պատրաստուէր մատաղ-հերիսան` մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն:

Մուսա Լերան Տոհմիկ Երեկոյ

Տոհմիկ երեկոյին ներկաներէն մաս մը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր:

Գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանին, 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանին, տէր եւ տիկին տոքթ. Յարութ Նիկոլեանին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինի արտերկրի ներկայացուցիչներուն, հայրենի պատմաբան Աշոտ Ներսիսեանին, Այնճարի քաղաքապետութեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ շուրջ 1200 հայորդիներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ ձեռնարկին բացումը:

Ողջոյնի խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Մատլեն Խօշեան, որ շեշտը դրաւ հիմնական երկու  երեւոյթներու վրայ, որոնք հանդիսացած են Այնճարի ժողովուրդի փառքն ու պատիւը: Նախ անդրադարձաւ այս ժողովուրդի նուիրեալ անձնաւորութիւններուն, ինչպէս` կեդրոնին անունը կրող ազգային գործիչ, մտաւորական ու յեղափոխական ականաւոր դէմք Սարգիս Զէյթլեանին, ապա Մուսա լերան հերոսամարտի տօնախմբութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերող ԼՕԽ-ական տիկիններուն, որոնց զոհաբերութեան յատկութիւնները կը ցոլան այսպիսի ձեռնարկներու ընթացքին:

«Այս անձնուրաց տիկինները բարձր գիտակցութեամբ նուիրուած են, որպէսզի գոյատեւեն հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները, որպէսզի մեր զաւակները քաջածանօթ ըլլան իրենց պատկանելիութեան ամբողջականութեան` պահպանելով Մուսա լերան հերոսներուն արժանիքներն ու յաւերժացնելով անոնց անմահական ոգին»:

Ապա «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան խօսքը կարդաց Ռիթա Քիւսպեկեան, որ հաստատեց գիւղի կուսակցական կազմակերպութեան ներդրումը` իրագործուող բոլոր աշխատանքներու արդիւնաւորման ու յաջողութեան մէջ: Ան յիշեց, որ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն միշտ սատար հանդիսացած է գիւղի միութիւններուն եւ զանոնք պահած իր ապահով հովանիին  տակ:

Ապա ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ական տիկիններուն զոհաբերումին` շեշտելով հետեւեալ գաղափարը. «Միայն առողջ շրջանակներու մէջ է, որ կինը կրնայ ունենալ ազատ եւ յաջող գործունէութիւն»: Այդ գործունէութիւնը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ  շնորհիւ 225 անդամուհիներու, որոնք տոհմիկ երեկոյին համար պատրաստած էին Մուսա լերան աւանդական «Պենրը հուցը» (Պանիրով հաց), «Ձիթը Բիկիղը» (Ձէթով հաց), «Պուրման» (Ընկոյզով անուշեղէն):

Ռիթա Քիւսպեկեան «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» կարգախօսով աւարտեց իր խօսքը եւ հերթաբար բեմ հրաւիրեց օրուան մթնոլորտը խանդավառող երգիչ-երգչուհիները` Սեւան Մեթլեան, Ժանօ Քոզեան, Սեւան Ադամեան, Վրէժ Հաճեան եւ խոստմնալից փոքրիկներ Լիլիթ Աբրահամեան եւ Պօղոս Տօնիկեան:

Յատկանշական երեւոյթ էր Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան» վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած Այնճարի բարբառով ներկայացումը:

Ներկաները աւելի քան երեք ժամ խանդավառ մթնոլորտի մէջ վերապրեցան Մուսա լերան անցեալի աւանդութիւններով` ճաշակելով նաեւ աւանդական ճաշատեսակները:

Խանդավառ երեկոյին եզրափակումը կատարուեցաւ  աւանդական տհոլ զուռնայի ուրախ մթնոլորտով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )