2012-2013 Տարեշրջանը Սկսաւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ուսուցիչներու Եւ Անձնակազմի Ընդհանուր Ժողովով

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 2012-2013 տարեշրջանի ուսուցիչներու ընդհանուր ժողովը:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին վարժարանի հոգեւոր հովիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ մանկապարտէզի վաստակաշատ ուսուցչուհի Էլիզ Սէօքիւնեան -Վարդանեանի յիշատակը, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ առաջին հերթին ներկայացուց Մեսրոպեանի մեծ ընտանիքին միացած նոր անդամներուն անունները եւ պաշտօնները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն:

Անցնող տարեշրջանին գործունէութիւնը արժեւորելէ ետք, տնօրէնը շեշտեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի շարունակուի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ կրթական գործակցութիւնը, որուն հիմքը ուսուցիչներու վերաորակաւորումն է եւ կրթական ծրագիրի պատշաճեցումը արդի կրթական չափորոշիչներուն: Կրեկուար Գալուստ հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը ունի հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւն, որ հայ դպրոցի էութեան հիմքն է, եւ որուն համար պէտք է օգտագործել բոլոր կարելիութիւններն ու միջոցները:

Կ. Գալուստ յայտնեց, որ հաւաքական ճիգերով, գործակցութեան ոգիով, նուիրումով, կազմակերպուածութեամբ, բծախնդրութեամբ,  հետեւողականութեամբ, պատկանելիութեան գիտակցութեամբ եւ ճշդապահութեամբ կ՛իրականացուին նպատակները, որոնց իրագործման մէջ անձնակազմի իւրաքանչիւր անհատ ունի իր պարտականութիւնն ու դերակատարութիւնը:

Լիբանանի պետական քննութիւններու արդիւնքները առարկայական տուեալներով ներկայացնելէ ետք, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը յոյս յատնեց, որ 75-ամեակի սեմին դպրոցը կը յաղթահարէ առկայ դժուարութիւնները եւ կ՛արձանագրէ մեսրոպեանավայել նոր, արդի, կրթական, հոգեւոր եւ ազգային նուաճումներ:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին խօսքին յաջորդեցին մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի ու երկրորդականի բաժանմունքներուն ժողովները:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Share this Article
CATEGORIES