Ոչ Եւս Է Անուանի Դիւանագէտ Էդուարդ Խոջայեան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 75 տարեկանին մահացած է Հայաստանի անուանի դիւանագէտներէն, Սպանիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Էդուարդ Խոջայեան:
Խորհրդային ժամանակաշրջանին Էդուարդ Խոջայեան երկար տարիներ աշխատած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ գործած Խորհրդային Միութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ: Անկախութեան վերականգնումէն ետք ան բարձր պաշտօններ վարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:
CATEGORIES Գաղութային

