Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Առաջին Ժողով. ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Ապահովութեան Խորհուրդին Յանձնարարեցին Սուրիոյ Մէջ Մարդկային Իրաւանց Բռնաբարումներու Թղթածրարը Փոխանցել Միջազգային Քրէական Դատարանին
Մինչ Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները երէկ երեկոյեան Սուրիոյ տագնապի լուծման եգիպտական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ իրենց առաջին ժողովը գումարեցին, ՄԱԿ-ի հետաքննիչները յայտնեցին, որ կարգ մը ծայրայեղական իսլամականներ սուրիական ընդդիմութեան կը միանան եւ ընդդիմադիրները կը քաջալերեն ծայրայեղական կեցուածքներ որդեգրելու: Անոնք նաեւ նշեցին, որ Սուրիոյ մէջ ցեղային լարուածութիւնները մեծ չափով աճած են:
Հետաքննիչները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յանձնարարեցին Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներու թղթածրարը փոխանցել Միջազգային քրէական դատարանին:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել խոր ցաւ յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամները Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ Սուրիոյ քաղաքական դատապարտման մասնակից չեն դառնար»` աւելցնելով, որ «չինական ղեկավարութեան եւ Ռուսիոյ նախագահին հետ հաղորդակցութեանց ընթացքին միշտ այդ մէկը կը նշեմ: Մարդասիրական կացութիւնը աղէտալի է, դժբախտաբար Ապահովութեան խորհուրդը չկրցաւ վարուիլ եւ կը մաղթեմ, որ միջազգային պատուիրակը (Լախտար Իպրահիմին. «Ա.») իր նախորդէն աւելի մեծ յաջողութեան հասնի»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ուղղուած նամակին մէջ Թուրքիան մեղադրեց իսլամ ծայրայեղականներու իր տարածքին ճամբով Սուրիա մուտքը ապահովելու համար:
Ան նշեց, որ Թուրքիան կ՛արտօնէ, որ Քայիտայի, ուահապականներու եւ այլ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութեանց հազարաւոր զինեալներ Սուրիա մուտք գործեն եւ սպաննեն բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, աւերեն եւ երկրին մէջ քաոս յառաջացնեն:
Ապահովական գետնի վրայ, մինչ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յաջողած է Հալէպի Միտան շրջանը ձերբազատել ընդդիմադիր զինեալներէն ու արձակազէններէն եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին թաղամասը ապահով շրջան յայտարարելու, Սուրիական ազատ բանակի զինուորական խորհուրդի հրամանատար զօր. Մուսթաֆա Շէյխ յայտարարեց, որ ընդդիմադիրները յաջողած են Հալէպի Սալահէտտին թաղամասը դարձեալ իրենց վերահսկողութեան տակ առնել:
Ըստ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին, Սուրիոյ մէջ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան քիմիական թունաւոր նիւթեր կրելու կարողութիւնը ունեցող հրթիռներու փորձարկում կատարուած է:

