Մոսկուայի Մէջ Լաւրով Կ՛ընդունի Սինիորան
Մուսթաքպալ պոլքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներն ու սուրիական տագնապին մասին Ռուսիոյ կեցուածքը:
Նշենք, որ Սինիորա այս հանդիպումը ունեցաւ Արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի պատուիրակութեան մաս կազմելու շրջագիծին մէջ:
Այս խորհուրդին նախագահն է Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժասեմ Սաքըր, իսկ անոր կ՛անդամակցին Ֆուատ Սինիորա, Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուի, Յորդանանի նախկին վարչապետ Թահեր Մասրի եւ ուրիշներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

