«Արտադրութիւնդ Ինքնութիւնդ Է, Գնէ՛ Լիբանանեանը» Կարգախօսով Ծանուցողական Նոր Արշաւ

Հանդիպումէն պահ մը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի հովանաւորութեամբ երէկ Տըպպայէի «Լը Ռոայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահը` Նաամաթ Աֆրամ, միութեան պատասխանատու անդամները, որոնց շարքին Նազարէթ Սապունճեան եւ շարք մը այլ գործատէրեր:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան սկիզբը յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարութեան ձեռնարկած ծանուցողական նոր արշաւին, որ կը կրէ «Արտադրութիւնդ ինքնութիւնդ է, գնէ՛ լիբանանեանը» կարգախօսը:

Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերն ու ամիսները դիւրին պիտի չըլլան լիբանանցիներուն համար, հակառակ անոր որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը վատ չէ:

Ան կոչ ուղղեց հեռանալու Լիբանանի միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը հարուածող եւ Լիբանանի պատկերը աղաւաղող ամէն տեսակի վտանգներէն, որոնք կը մտահոգեն անոր բնակիչները եւ կը ցնցեն տնտեսութիւնը:

Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց բացայայտելու այնպիսի երկիրներ, ուր լիբանանցիներուն արձանագրած յաջողութիւնները լաւապէս կը գնահատուին:

Իր կարգին, Աֆրամ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը պատրաստակամութիւն յայտնած են գետնի վրայ գործելու եւ  ելեկտրական հոսանք արտադրելու, եթէ անոնց յատկացուին այն պայմանները, որոնք պիտի տրուին թրքական ընկերութիւններուն:

Աֆրամ խնդրեց Վ. Սապունճեանէն իրենց այդ առաջարկը վերստին ներկայացնել կառավարութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES