Պըրրի – Նաաման Հանդիպում

Պըրրի` Նաամանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարութեան փոփոխութեան ազգային շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Իսամ Նաամանի:

Հանդիպումէն ետք Նաաման շեշտեց, որ բոլորը նշմարած են, թէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան այցելութեան ընթացքին շեշտած է սիրոյ, ազատութեան եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան բազմազանութեան երկիրն է եւ իբրեւ այդպիսին ան կարիքը ունի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը:

Նաաման կոչ ուղղեց անսալու պապին կոչին եւ դիմելու այնպիսի միջոցներու, որոնք արդար կերպով կը պահպանեն լիբանանեան բազմազանութիւնը, այլապէս` քաղաքական բազմաթիւ կողմեր պիտի առաջարկեն պոյքոթի ենթարկել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պէյրութի նահանգապետի տեղակալ Նասիֆ Քալուշը:

Միւս կողմէ, Պըրրի Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն, Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանիէն, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիէն, Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Նժէյֆիէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )