Սէյիտ Նասրալլա Անձամբ Ներկայ Գտնուեցաւ Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Ծովածաւալ Բազմութեան Բողոքի Ցոյցին

Ցոյցին մասնակցող բազմահազար քաղաքացիներ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ նախանցեալ երեկոյեան կոչ ուղղած էր այսօր Հարաւային արուարձաններուն եւ ամբողջ շաբթուան ընթացքին լիբանանեան զանազան շրջաններու, ինչպէս` Սուրի, Պաալպեքի, Հերմելի եւ Պընթ Ժպէյլի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարելու` իսլամութիւնն ու Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ, երէկ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Ռուէյսէն սկիզբ առած եւ մինչեւ Քաֆաաթի շրջան հասած ցոյց-քայլարշաւին, որուն մասնակցեցան հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ:

«Կ՛ընդառաջենք մարգարէ» կարգախօսով ցոյցին սկիզբէն գրեթէ ժամ մը ետք Հարաւային արուարձանները լեցնող ծովածաւալ բազմութիւնը աւելի եւս ոգեւորուեցաւ, երբ նշմարեց, որ սէյիտ Նասրալլա անձամբ կը մասնակցի բողոքի ցոյցին:

2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք չորրորդ անգամն ըլլալով հանրութեան յայտնուած սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Մոհամետ մարգարէին վարկաբեկումը մերժելի է` աւելցնելով, որ բողոքի այս արշաւը պէտք է ծառայէ յստակ նպատակներու, որոնք են` վերջ տալ համացանցին միջոցով այդ ժապաւէնէն բաժիններու ցուցադրութեան, ինչպէս նաեւ արգիլել ամբողջ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը եւ յանգիլ այնպիսի օրէնքի մը, որ վերջնականապէս կը փակէ Մոհամետ մարգարէին դէմ նման քայլերու ձեռնարկելու փորձերը:

«Այսօր հոս եկած ենք ըսելու համար, որ իւրաքանչիւրս պատրաստ ենք նահատակուելու Մոհամետ մարգարէին եւ անոր արժանապատուութեան պահպանումին ի խնդիր: Ամբողջ աշխարհը պէտք է իմանայ եւ հասկնայ Մոհամետ մարգարէին հետ մեր յարաբերութիւնը, որովհետեւ ոմանք տակաւին չեն ըմբռնած այդ ժապաւէնին ընդմէջէն հասած վարկաբեկումին մակարդակը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ ժապաւէնը պատրաստողները հարուածած են Մոհամետ մարգարէն եւ խոցած Քորանն ու իսլամական կրօնը` 12 վայրկեաններու ընթացքին:

Սէյիտ Նասրալլա կ՛ողջունէ ցուցարարները

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին պոյքոթի ենթարկելու համացանցի այն կայքէջերը, որոնք տեղադրած են այս ժապաւէնը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է հասկնան, որ ժապաւէնը ամբողջական կերպով ցուցադրելու յանդգնութիւնը շատ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ», սպառնաց ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց նաեւ ճնշում բանեցնելու միջազգային ընտանիքին վրայ, որպէսզի ան միջազգային որոշումներ տայ եւ ազգային օրէնքներ մշակէ` արգիլելու համար բոլոր կրօնները եւ մարգարէները վարկաբեկող այս յանձնառութիւնները:

«Իսլամական աշխարհին կողմէ այս պարտականութիւնը չիրագործելու պարագային անոնք թերացած պիտի ըլլան Մոհամետ մարգարէին հանդէպ: Այս շարժումը անցողակի պիտի չըլլայ, այլ սկիզբ` աւելի լուրջ շարժումի մը, որ պիտի յաջողի իսլամներուն միասնականութեամբ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Նշենք, որ Հըզպալլայի կազմակերպած բողոքի ցոյցը ընթացաւ կատարեալ կարգապահութեամբ, առանց որեւէ վայրագութեան կամ միջադէպի, իսկ ցոյցին մաս կազմող բազմութիւնները ոչ մէկ վնաս հասցուցած էին Քաֆաաթի շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ճաշարաններու համալիրին:

Share this Article
CATEGORIES