Ֆրանսահայ Համայնքը Բողոքի Ցոյցով Պիտի Դիմաւորէ Ալիեւը
Ֆրանսահայութիւնը այսօր բողոքի հսկայ ցոյց մը պիտի կատարէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:
Ալիեւին «Բարի գալուստ» մաղթելու բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6:00-ին` Փարիզի ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց:
Պէտք է աւելցնել, որ նախանցեալ գիշեր Ազրպէյճանի դեսպանատան պատերուն եւ անոր մուտքին գետնին վրայ ներկերով եւ ֆրանսերէնով գրուեցան «Ալիեւ ոճրագործ» բառերը:
Նշենք, որ Ալիեւ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի եւ այսօր ներկայ պիտի գտնուի «Լուվր»-ի թանգարանին մէջ իսլամական արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումին:
CATEGORIES Հայկական

