ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ի պատասխան հայրենի «Ազգ» օրաթերթի խմբագիրի այն հարցումին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որ «եթէ Հայաստան յաղթահարէ սփիւռք վախը, ապա հարցերը կը լուծուին», նախարար Յակոբեան պատասխանած է:

«Հայկական սփիւռքը Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ սփիւռքէն պէտք է վախնայ Թուրքիան, որովհետեւ, ի վերջոյ, պարտաւոր է պատասխան տալ հայրենազրկուած սփիւռքին: Այսօր ի գիտութիւն պէտք է ըսեմ, որ սփիւռքը Հայաստանի հպարտութիւնն է, հզօրութիւնն է, անոր շարունակութիւնը: Հայաստան չի վախնար սփիւռքէն, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ապրողները մեր քոյրերն ու եղբայրներն են, մայր հայրենիքը նաեւ անոնցն է, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման հարցին մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի մօտեցումները նոյնն են: Հայաստանը եւ սփիւռքը համազգային խնդիրներուն մէջ միասնական են»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES